Յ.Վ.

Թէեւ Լոս Անճելըսի թատերախումբը հիմնուած է 1979ին, սակայն անոր 30ամեակին նուիրուած գեղատիպ յուշամատեանը լոյս տեսաւ այս տարի՝ աշնան։
Պէ՛տք է խոստովանիլ, որ հոյակապ հրատարակութիւն մըն է իր տեսքով ու նկարներով։ Ժամանակակից ընթերցողին մատչելի՝ որովհետեւ այսօր խորքէն աւելի տեսքն է, որ հրապուրիչ դարձնելու սկսած է ընթերցողը, նման հրատարակութիւններու պարագային։ Երբ ամերիկեան ամսաթերթ մը ձեռք առնենք, արագ-արագ էջերը կը դարձնենք եւ լուսանկարներուն տակ գրուած գրութիւններով կը բաւարարուինք։ Արդէն նորագոյն մամուլին տեսութիւնն ալ այն է՝ «մէկ նկար կ՛արժէ ամբողջ յօդուած մը»:
Ու 140 էջերու վրայ, թատերախումբին երեք տասնամեակներու լայն գործունէութիւնը ձեւաւորող ու հսկող խմբագիրը ծանօթ է նոր ժամանակներու տպագրութեան այս ոճին։ Հայկ Մսրըլեան տարիներով աշխատած է Անգլիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիքայի եւ Ամերիկայի ծանուցումներու զանազան մեծ ընկերութիւններուն մէջ, եւ տիրապետած անոնց ներկայացման «թաքթիք»ին։
Խմբագրական կազմը աղերս ունեցած է թատերախումբին հետ, գրեթէ անոր ծնունդէն սկսեալ. Սամուէլ Իլանճեան (թատերական յանձնախումբի երկարամեայ նախկին ատենապետ), Հայկ Մսրըլեան (ՀԲԸՄի վարիչ տնօրէնութեան իր օրերուն կազմած է այս թատերախումբը), Գրիգոր Սաթամեան (բեմադրիչը) եւ Գէորգ Քէօշկէրեան (թատերախումբի դերասաններէն՝ անոր ծնունդէն ի վեր), գործակցութեամբ նաեւ Յարութ Երէցեանի, Պերճ Տէր Սահակեանի, Վարդուհի Գոճայեանի, որոնք այս ծրագիրին նախնական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելով՝ դիւրացուցած եղան այս հատորին հրատարակութեան։
Ըսենք, որ թատերական յանձնախումբի ժրաջան ատենապետն է Արա Պապայեան։ Իսկ հիմնադիր կազմի անդամներուն վրայ պէտք է աւելցնել ենք նաեւ Բարսեղ Գարթալեանի անունը, որ սկզբնական օրերու դժուարին պարտականութիւնը ստանձնողն է։
46 ներկայացումներ՝ երեսուն տարիներու ընթացքին, արդէն պերճախօս թիւ մըն է որեւէ արհեստավարժ թատերախումբի պարագային, իսկ «Արտաւազդ»ի նման սիրողական թատերախումբի մը համար՝ յաղթութիւն։
Առաջին ձեռնարկին՝ երկու ներկայացում, նոյն երեկոյեան՝ Յունիս 26, 1980ին: Անոնք են՝ Ալեքսանտր Ֆէոտորի «Հնարամիտ Զոքանչը», բեմադրութեամբ Պեն Մանուկեանի, եւ Անտոն Չեխովի «Ամուսնութեան առաջարկը», բեմադրութեամբ Լութֆի Թապագեանի։ Այդ գիշեր բեմ ելած են Մարօ Յակոբեան, Սագօ Տատոյեան, Անի Եաղճեան, Սեդա Մարտիրոսեան, Գէորգ Քէօշկէրեան եւ Նոնօ Վարդապետեան։ Ահա՛ ծնունդը «Արտաւազդ»ին։
Հայ բեմին վրայ, դասական դարձած թատերախաղերու երեւումը, մանաւանդ Պէյրութի ՀԵԸի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի խաղացանկը Լոս Անճելըսի բեմերուն վրայ ներկայացուիլը, «նոստալժիք» պահեր ստեղծեց յատկապէս լիբանանահայերու համար։ Այսպէս՝ «Ստախօսը», «Արջը», «Պաղտասար աղբար», «Մթին կատակերգութիւն», «Տիկնոջ հանգուցեալ մայրը» ու «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» ներկայացումները։
Հայ բեմի կուռքը՝ Մհեր Մկրտչեան, ու սփիւռքահայ թատրոնի վարպետը՝ Պերճ Ֆազլեան, մաս կազմած են «Արտաւազդ» թատերախումբին, նոյնիսկ՝ «Պաղտասար աղբար»ը բեմադրած է նոյնինքն Ֆրունզիկը։ Պէտք է յիշել նաեւ, որ Լուլու Գույումճեան-Ֆերմանեանի մասնակցութիւնը եւ շրջան մըն ալ՝ Յարութիւն Թումայեանի եւ Գէորգ Սողոմոնեանի, թատերախումբի նոր ուժերուն առիթ տուին շաղուելու հայ թատրոնի աւանդոյթներուն հետ։
Ժիրայր Փափազեան եւս, 1981-1984 տարիներուն եղած է բեմադրիչ. բեմ հանած է «Ատամնաբոյժն արեւելեան»ը, «Ճակատագրի մարդը», «Համբուրուինք, Ֆոլվիլ…»ը, «Քամի Սասաֆռայի ճիւղերուն մէջ»ը, «Իտալական յարդէ գլխարկը»ը եւ «Վտանգաւոր անկիւնադարձ»ը՝ ստանձնելով կարեւոր դերեր։
Թատերախումբը մէկական անգամ բեմադրած են նաեւ Հայկազ Ստեփանեանն ու Արմէն Գերասիմեանը։
1988ին, Գրիգոր Սաթամեան Նիւ Եորքէն գալով՝ կը ստանձնէ բեմադրութեան պաշտօնը «Արտաւազդ» թատերախումին, որ կը շարունակէ մինչեւ այսօր։
«Արտաւազդ» հանրութեան կը ներկայանայ նաեւ անգլերէն լեզուով՝ հասնելու համար անգլիախօս սերունդին։ Փիթըր Մանուկեան կը բեմադրէ, Գրիգոր Սաթամեան կը խաղայ։ Նաեւ ուրիշ մը՝ Անիթա Խանզադեանի բեմադրութեամբ։
Թատերախումբը յաճախ կ՛ունենայ հիւրախաղեր զանազան հայաշատ կեդրոններու մէջ՝ Նիւ Եորք, Պոսթըն, Մոնթրէալ։
«Արտաւազդ» ներկայացուցած է Տիգրան Չուխաճեանի «Զուար»չ (2003), «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղա» (2004) եւ «Զեմիրէ» (2008) օփերաները, գործակցութեամբ «Լարք» երաժշտանոցին եւ բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի։
Սաթամեան նաեւ ունի «Երգիծանքի երեկոներ»ու շարք մը՝ առնուած ազգային ու ընկերային մեր կեանքէն։ Ասոնք, բացի Լոս Անճելըսէն, ներկայացուած են Ամերիկայի գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ:
Ատեանին մէջ, իւրաքանչիւր ներկայացման հետ կան մասնակիցներուն անունները, ներկայացման «աֆիշ»ը, քանի մը լուսանկարներ եւ ներկայացման մէջ մեր մամուլէն առնուած յատկանշական քանի մը խօսք։
Ալպոմի աւարտին կան նաեւ մեր մտաւորականներէն եկած սրտի խօսքեր՝ նուիրուած թատերախումբին՝ Սարգիս Մինասեանէն, Զարեհ Մելքոնեանէն, Թորոս Թորանեանէն, Թամար Յովհաննիսեանէն, Սարգիս Վահագնէն, Յակոբ Վարդիվառեանէն եւ Վաչէ Պարսումեանէն։
Ծախսալից այս յուշամատեանի հրատարակութեան համար նուիրատուութիւններ ըրած են ծանօթ ազգայիններ՝ Անդրանիկ Պաղտասարեան, Սինան Սինանեան, Սեմ Սիմոնեան, Ճօ Սամուէլեան, Վահէ Իմաստունեան, տոքթ. Վաչէ Պարտագճեան եւ Արա Պապայեան։ Շնորհակալութիւն նուիրատուներուն, առանց որոնց, դժուար թէ լոյս տեսնէր այս հոյակապ հրատարակութիւնը։
Մեծ աշխատանք մըն է, որ հանրութեան տրամադրուած է։ Երեսուն տարիներու վաստակի մը արգասիքը՝ անկասկա՛ծ։
Կը սպասենք ՀԲԸՄէն, որ հրատարակութեան տայ միութեան միւս թատերախումբերուն՝ Նիւ Եորքի «Արտաշատ», Պոսթընի «Պարոնեան», Տիթրոյիթի «Սարոյեան» թատերախումբերու պատմութիւնը եւս։