ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի «Աշխարհ» երկշաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, որ յուշատախտակ մը զետեղուած է քաղաքի այն տան վրայ, ուր 1921ին ծնած է հայ բանաստեղծ, Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժման մասնակից Ռուբէն Մելիք։
Իր ընտանիքը այդ տան մէջ բնակած է մինչեւ 1974 թուականը։ Խօսքը մայրաքաղաքի Թրէթէն փողոցի 18րդ շրջանի թիւ 6 շինութեան մասին է: )բանաստեղծը մահացած է 2007ին)
Յուշատախտակի բացման արարողութիւնը եղաւ անպաճոյճ ու ջերմ, ինչպիսին ինք էր՝ Ռուբէն Մելիք։ Մասնակցեցան զանազան նշանաւոր անձեր, բանաստեղծի ընտանիքը եւ բազմաթիւ բարեկամներ։ Քաղաքի թիւ 18րդ շրջանի թաղապետ Տանիէլ Վայան, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան եւ Փարիզի քաղաքապետի տեղակալ Քաթրին Վիօ Շարիէ իրենց ելոյթներուն մէջ խօսեցան Ռուբէն Մելիքի երկմշակութային )ֆրանսական ու հայկական) արմատներու, բառի ու արդարութեան հանդէպ Մելիքի սիրոյ, խիզախութեան ու Դիմադրութեան շարժման մասնակցութեան մասին։
2006ին Փարիզի քաղաքապետարանի մրցանակի շնորհումէն ետք երկրորդ անգամն է, որ մայրաքաղաքը յարգանքի տուրք կը մատուցանէ Ռուբէն Մելիքի խիզախութեան ու ստեղծագործութեան։ Իր գրականութեան մէջ բառերը կը կրեն նոյնքան մեղմութիւն, որքան զօրութիւն։
Յուշատախտակի բացման օրը արտասանուեցան եւ երգուեցան Ռուբէն Մելիքի կարգ մը բանաստեղծութիւնները, անոնցմէ մէկուն ձայնագրութիւնը հնչեց հեղինակի կատարումով։