
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ նախկին առաջին տիկին Մոնա Էլիաս Հըրաուիի ու ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայ թէ ընդհանրապէս լիբանանցի բազմաթիւ արուեստասէրներու, Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի գործերու ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկը կազմակերպած հաստատութեան՝ «Այտիազ Ֆաքթըր»ի հիմնադիր տնօրէն Մարք Տիքընսըն ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արուեստագէտ Թոքաթլեանի կեանքին ու գործունէութեան՝ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով անոր արուեստի հիմնական յատկանիշները:
Իր կարգին, Մոնա Հըրաուի խօսք առնելով դրուատեց քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանը իբրեւ մարդ ու արուեստագէտ՝ վեր առնելով անոր գործերուն ներշնչած պատգամը:
Նմանապէս, այս առիթով «Ազդակ»ի հարցումներուն պատասխանելով, Հըրաուի խիստ բարձր գնահատեց արուեստագէտ Թոքաթլեանի քանդակները: Թոքաթլեանի արուեստին ընդմէջէն Հըրաուի դրուատեց նաեւ հայ արուեստը:
Քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեան ծնած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Անոր մեծ հայրը Աբրահամ Թոքաթլեան նոյնպէս արուեստագէտ, մազապուրծ ճողոպրած է 1915ի Ցեղասպանութենէն:
Թոքաթլեան մեծապէս ազդուած է մեծ հօր եւ հօր՝ Պօղոս Թոքաթլեանի ապրած դառն յիշատակներէն: Ցեղասպանութեան յուզախառն յուշերը ներշնչումի խոր պահերով տոգորած են զինք:
«Առասպել եւ իրականութիւն» թեմայով ներկայացուած Թոքաթլեանի գործերը արգասիքն են անոր կեանքի փորձառութեանց, ներշնչումին ու ապրումներուն: Ան մեծապէս ազդուած է եւրոպական, յատկապէս 15րդ դարու իտալական վերածնունդի արուեստի տիտաններէն Տօնաթելլոյէն:
Այս առիթով, «Ազդակ»ին կատարած իր յայտարարութեամբ ան անդրադարձաւ իր ներշնչումի աղբիւրներուն, յատկապէս՝ կնոջ, բնութեան…
Պատմութիւնը, յատկապէս Ցեղասպանութեան անցեալի յուշերը արուեստի իր քանդակներուն ընդմէջէն դրսեւորելով, Րաֆֆի Թոքաթլեան յատուկ պատգամ մը կը փոխանցէ արուեստասէր նոր սերունդին՝ վայելել ներկան, բայց չմոռնա՛լ անցեալը՝ Ցեղասպանութեան «ճիտին պարտք»ը: