ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ Ազգային ժողովի պետական պիւտճէի լսումներուն ընթացքին, Նոյեմբեր 4ին, ՀՀ ելեւմուտքի առաջին փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ կրթութեան յատկացուող գումարները 2012ին պիտի կազմեն Համախառն ներքին արտադրանքին (ՀՆԱ) 2.58 տոկոսը (շուրջ 108.7 միլիառ դրամ):
Ըստ փոխնախարարին, æաւախքի դպրոցներուն աջակցութիւն պիտի տրամադրուի 30 միլիոն դրամի չափով, իսկ 7.4 միլիոն պիտի յատկացուի Պուխարեստի համալսարանին մէջ հայերէնի դասաւանդում իրականացնելու համար: