ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինիըն».- «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, Արցախի մէջ համացանցի բաժանորդներուն թիւը օրէ օր աճ կ՛ապրի. միայն Հոկտեմբեր ամսուն արձանագրուած է 5000րդ բաժանորդը:
«Ղարաբաղ Թելեքոմ»ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Գէորգես Տէրտէրեան հանդիպած է 5000րդ բաժանորդին հետ եւ «նեթպուք» մը նուիրած է անոր:
Յանձնելով նուէրը՝ Տէրտէրեան նշած է, թէ «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ի հիմնական նպատակն է դառնալ իւրաքանչիւր բաժանորդի ընկերը, եւ այդ պատճառով, ընկերութիւնը ջանասիրութեամբ կ՛աշխատի գիներու բարելաւման եւ ծառայութիւններու որակի կատարելագործման ուղղութեամբ:
Նշենք, որ 2010 Նոյեմբերէն մինչեւ այսօր, «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ը շուրջ 40 անգամ նուազեցուցած է համացանցի ծառայութիւններուն գիները, եւ իբրեւ արդիւնք, ընկերութեան համացանցային բաժանորդներուն թիւը վեց ամսուան ընթացքին, 486էն հասած է 5000ի: