ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ (216 North Brand Boulevard, Glendale CA, 91204), կազմակերպութեամբ «Կարաւան» մշակութային կեդրոնին, պարային ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Հայր եւ որդի Ռուբէն ու Էտկար Նիքոլեանի առաջնորդութեամբ, եւ մասնակցութեամբ Հայաստանի, Իսրայէլի ու Լոս Անճելըսի պալէի աստեղերու՝ մօտաւորապէս հարիւր կատարողներ պիտի ներկայացնեն դասական, ժամանակակից, ժողովրդային ու այլ պարեր:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (818) 247-7769 ու (818) 912-0009 թիւերուն, karavandancestudio@yahoo.com հասցէին, կամ այցելել karavandancestudio.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.