Կիրակի, Նոյեմբեր 6ը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար եղաւ ուրախութեան ու յիշատակելի օր մը։ Արդարեւ, այդ օրը Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագով նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 48րդ տարեդարձը եւ տեղի ունեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւն։
Պատարագեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մուշեղ Ս. արք. Մարտիրոսեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան. ներկայ էր նաեւ Եփրեմ արք. Թապագեան։
Հաւատացեալներ խուռներամ շտապած էին եկեղեցի՝ մասնակցելու համար հոգեպարար արարողութեան եւ լիցքաւորուելու օրուան խորհուրդով։ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյս սարկաւագաց ու դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանի։ Երգեցողութեան կը մասնակցէին նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները։
Նախքան քարոզը, «Այսօր Ուրախացան» շարականի երգեցողութեամբ խորան բարձրացան ձեռնադրութեան համար պատրաստուած 10 դպիրները՝ Յակոբ Տէմիրճեան, Մանուէլ Պայրամեան, Հայկ Օհաննէսեան, Սարգիս Նաճարեան, Ատիս Պապլանեան, Կերի Մարգարեան, Աւետիս Փաթաթեան, Նարեկ Խաչատուրեան, Վրէժ Պայրամեան եւ Կերի Պէրպէրեան։ Ձեռնադրութեան յատուկ աղօթքներու, սաղմոսներու եւ շարականներու երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեպարար արարողութիւնը, իսկ ներկաները երկիւղածութեամբ հետեւեցան, թէ ինչպէ՛ս սրբազան հայրը, ծնկաչոք ընծայեալներուն փոխանցեց դպրութեան 4 աստիճանները, խարտավիլակութեամբ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի։
– Կարգ Դռնապանութեան, որպէսզի աղօթքով եւ երկիւղածութեամբ հաւատացեալներուն առջեւ բանան Աստուծոյ տան դուռը։
– Կարգ Ընթերցանութեան, որպէսզի ընթերցանութեան ճամբով իրենց միտքերը զարգացնեն, Աստուծոյ խօսքերուն եւ օրէնքներուն տեղեակ ըլլան եւ եկեղեցւոյ մէջ զգուշութեամբ կարդան Անոր խօսքերը։
– Կարգ Երդմնեցուցչութեան, որպէսզի գոց սորվին «Հրաժարիմք»ը, վանեն չարը եւ փառաւորեն Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։
– Կարգ æահընկալութեան, ուր ձեռնադրուող դպիրներուն իշխանութիւն կը տրուէր մեր սուրբ եկեղեցւոյ ջահերն ու կանթեղները վառելու եւ մարելու։
Արարողութենէն ետք սրբազան հայրը իր խօսքը նոր ձեռնադրուող դպիրներուն ուղղելով՝ կարդաց Աւետարանի հետեւեալ պատգամը. «Տէր Աստուած, Քու Ս. Հոգիիդ ճառագայթներով լուսաւորէ այս նուիրեալներուն միտքը, որպէսզի հաւատքով սպասարկեն Քու Ս. եկեղեցիիդ»։
Առաջնորդը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այն աստիճանին, որ կը ցանկայիք, Աստուած արժանի ըրաւ ձեզի։ Դուք համբերութեամբ եւ ջանասիրութեամբ օրինակ պիտի ծառայէք ձեր շրջապատին եւ Աստուծոյ աչքին գովելի եւ պարկեշտ ծառայողներ պիտի ըլլաք։ Ձեր կեանքի ընթացքին յարատեւ պիտի սորվիք ձեր ունեցածը պահել եւ ձեր գիտելիքները աւելցնել։ Որքա՛ն սորվիք, այնքա՛ն պիտի աճիք հոգեպէս, պիտի զարգանաք մտաւորապէս եւ այդ պիտի ըլլայ երաշխիքը, որպէսզի ձեր քայլերը ընթանան յաջողութենէ յաջողութիւն։ Այսօր, դուք եկեղեցական պաշտօնի եւ ծառայութեան հրաւիրուեցաք, որպէսզի դպրութեան ճամբով արժեւորէք դուք ձեզ. ձեր գործը իբրեւ լուսաւոր ճրագ ձեզմէ առաջ թող ընթանայ, որպէսզի դուք պայծառանաք ու պայծառացնէք Աստուծոյ տունը։
«Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 48րդ տարեդարձին նուիրուած այս Ս. պատարագին, Աստուած մեզ բոլորս արժանի ըրաւ եւ ինծի շնորհ պարգեւեց, որ եկեղեցւոյ նուիրեալ 10 սպասարկուներուն շնորհենք դպրութեան 4 աստիճանները, որոնք հիմնական առաջին աստիճաններն են մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ մեր ծառայական կեանքին։ Վստահ եղէք, որ այսպիսի դպրութեան աստիճաններու արժանացած պատանի եւ երիտասարդ նուիրեալներէն է որ մեր եկեղեցին հարստացած է քահանաներով, վարդապետերով, եպիսկոպոսներով եւ կաթողիկոսներով։
«Սիրելի դպիրներ եւ հաւատացեալներ, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը այսօրուան Աւետարանին պատգամը հաւատքի մասին է, որովհետեւ հաւատքի վրայ հիմնուած է ամէն աստիճան, նուիրում եւ ծառայութիւն։ Վստահ եղէք, որ մեր ունեցած հաւատքին վարձատրութիւնը Աստուած պիտի տայ մեզի երկնքի արքայութեան մէջ։ Եկէ՛ք այսօր, խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին պարգեւէ իմաստութեան հոգի, որպէսզի ծառայական ինչ կեանքի եւ վիճակի մէջ ալ գտնուինք, գիտակցօրէն հաւատանք եւ գիտակցօրէն կեանքի վերածենք մեր ծառայական կեանքը։ Այսօր մեր ծնողներն ու հարազատները հոգեկան գոհունակութեամբ վայելեցին իրենց սիրելիներուն դպրութեան աստիճանի տուչութիւնը. վստահ եմ, որ անոնք իրենց ծառայական կեանքով, գործնապէս պիտի արժեւորեն իրենց դպրութեան կոչումը՝ Աստուծոյ կամքին ու պատուիրաններուն հետեւելով եւ հնազանդելով:
«Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը, դպիրներուն ձեռնադրութիւնը եւ մեր ծառայական կեանքի ուխտի վերանորոգութեան այս առիթը, բոլորիս համար թող հրաւէր ծառայէ, մեր հաւատքին մէջ երբեք չերկմտելու եւ չընկրկելու. մեր կեանքին կեդրոնը պահենք մեր Աստուածը, մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը, եւ հաւատարիմ հետեւորդները ըլլանք Իր կամքին, իբրեւ հաւատարիմ մշակները Իր այգիին»։
Քարոզի աւարտին առաջնորդ սրբազանը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կը գտնուի Հովիտի հայ համայնքին հետ եւ միասնաբար կը նշէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 48րդ տարեդարձը, իսկ դպրաց ձեռնադրութիւնը եկաւ հարստացնելու եկեղեցւոյ ծառայող նուիրեալներուն շարքը:
Սրբազան հայրը օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ։ Աղօթեց եկեղեցւոյս այսօրուան սպասարկուներուն համար, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ անոնց քայլերը, զիրենք փրկէ երեւելի ու աներեւոյթ փորձութիւններէ եւ ծառայական ուխտի մէջ պահէ անխախտ:
Պատարագի աւարտին տեղի ուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հոգիներուն համար բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս գործեցին ու անցան եւ այժմ կը ննջեն անոր հովանիին ներքեւ։ Ապա առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եկեղեցական թափօրը առաջնորդուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյս տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը՝ նուիրատուութեամբ տիկին Ժանէթ Վարդազարեանի, նուիրուած իր ամուսնոյն՝ Ռազմիկ Վարդազարեանի յիշատակին։
Երկիւղած մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը։
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տիկնանց միութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ մատաղին իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերող բոլոր հաւատացեալները։
«Պահպանիչ»ով, «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալները կարգով մօտեցան եւ վերցուցին մատաղի իրենց բաժինը, ապա հոգենորոգ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.