
Հոկտեմբեր 26ին, «Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս»ի 4րդէն 6րդ կարգերու աշակերտները գնացին «Սողանալեան» սրահ, որպէսզի համտեսեն մածնապուր եւ շարիկ։ Անոնք նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան դիտելու, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստեն այդ ուտելիքները։ Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել 5րդ կարգի աշակերտ Դաւիթ Ազատեանի մայրիկին եւ տատիկին, որոնք մեզի օգնեցին այս ճաշերու ներկայացումը հնարաւոր եւ հաճելի դարձնելու։
Մենք ուսուցիչներէն շատ գոհ ենք, որովհետեւ անոնք ուրախութեամբ կազմակերպեցին այս առիթը, քանի որ ծնողներուն եւ աշակերտներուն ժպիտները մեզ վստահեցուցին, թէ նման մշակութային ներկայացումներ կ՛արժէ որ ընենք, եւ որ մենք՝ աշակերտներս, աւելի գիտելիքներ կը ստանանք մեր հայկական մշակոյթին մասին։
Նելլի Վարդանեան, 6րդ կարգ
Հոկտեմբեր 26ին տեղի ունեցաւ ներկայացում մը՝ Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս։ Այս ներկայացումը շատ հետաքրքրական էր։ Մենք համտեսեցինք շատ համեղ պատրաստուած շարիկներ եւ արտակարգ մածնապուր։ Մենք նաեւ սորվեցանք, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստենք զանոնք։ Երբ ժամանակը եկած էր համտեսելու, բոլորին ախորժակը բացուած էր եւ բոլորս անհամբեր կը սպասէինք։
Ես բառերով չեմ կրնար բացատրել ընկեր-ընկերուհիներուս դէմքերուն ժպիտն ու զուարճութիւնը։ Վստահ եմ եւ ձեզի կրնամ փաստել, թէ այս օրը պիտի մնայ մեր միտքին մէջ, որպէս անմոռանալի յիշատակ մը։ Սրտի անհուն ուրախութեամբ կ՛ուզեմ դասարանիս կողմէ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին այս օրը կարելի դարձնելու՝ իրենց հոյակապ եւ արտակարգ ուտելիքներով։ Շնորհակալութիւն եւ ձեռքերնուդ դալար։
Անի Կէմիճեան, 6րդ կարգ