
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 13ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ու Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Քաղաքական ժողովին միջեւ:
Առաջնորդը եւ Քաղաքական ժողովի անդամները լայնօրէն զեկուցեցին Սուրիոյ ներքին կացութեան մասին՝ յատկապէս ծանրանալով հայ համայնքին վրայ: Զեկոյցներու ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ազգ. առաջնորդարանի եւ հայ համայնքէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ցարդ կատարած աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքէն ներս յառաջացած դժուարութիւններուն դիմաց եւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը միակամ ու արթուն պահելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ յիշեցուց, թէ ջարդերէն ետք Սուրիան մեզ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ եւ սուրիացի ժողովուրդը իր հացը ու հայրենիքը մեզի հետ բաժնեց, եւ մենք միշտ հաւատարիմ ու երախտապարտ գտնուեցանք այդ հայրենիքին: Նոյն նուիրումով ու բարեկամական ամուր կապերով, մենք պէտք է կառչինք Սուրիոյ, մեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի ազգային ներքին միասնականութեան ամրապնդումը. ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները պէտք է համախմբուին առաջնորդարանին ու մեր կառոյցներուն շուրջ, իրենց մօտեցումներուն ու քայլերուն մէջ միշտ ըլլան արթուն, հեռատես ու խոհեմ՝ հեռու մնալով զգացական ու պարագայական մօտեցումներէ կամ յայտարարութիւններէ: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը այս դժուար օրերուն:
Այս առիթով նաեւ վեհափառը եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ ողջունեցին Գամիշլիի մէջ շինարարութեան ընթացքի մէջ եղող եկեղեցին՝ իր յարակից բաժիններով. միաժամանակ, անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին շուրջ ամիս մը առաջ Դամասկոսի մէջ բացումը կատարուած Ազգ. վարժարանի նոր շէնքին ու համայնքային կեդրոնին գծով: