ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 15ին մեկնարկեց առգիծ «Webծիրան» փառատօնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր 25: Փառատօնի մասնակից բոլոր շարժապատկերները կը ներկայացուին Webtv.am համացանցային հեռուստատեսութեամբ, իւրաքանչիւրը՝ հինգ օր անընդմէջ:
Webtv.am-ի եւ «Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցին վրայ, փառատօնի օրերուն տեւողութեամբ տեղի կ՛ունենայ առգիծ քուէարկութիւն եւ կ՛որոշուի յաղթող երկու շարժապատկերները, որոնց համար սահմանուած է երկու մրցանակ՝ գլխաւորը 1000 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ խրախուսական մրցանակը՝ 500 տոլարի համարժէք:
«Webծիրան»ին կը մասնակցին հայաստանցի եւ սփիւռքահայ բեմադրիչներ, իսկ շարժապատկերները կը պատկանին տարբեր ոճերու՝ մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ: