ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը Սուրիոյ իշխանութիւնները դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անոնց ծաւալած ութամսեայ արշաւին համար։
Որոշումը որդեգրուեցաւ 122 թեր, 13 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէներով։ Որոշումին թեր քուէարկած երկիրներուն շարքին են Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Մարոքը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը։
Իր կարգին, Ռուսիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեանց՝ յայտնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը երկխօսութեան միջոցաւ կրնայ տագնապը լուծել։ Մարկիլով քննադատեց իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը մերժող ընդդիմութեան կեցուածքը՝ յայտնելով, որ «քաղաքական տագնապը լուծել կարելի չէ, եթէ առնչակից կողմերը մերժեն զիրար լսել»։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Բրիտանիա իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա հասած է «կէտ մը ուրկէ ետ դարձ չկայ»՝ աւելցնելով, որ սուրիական տագնապին պատճառով «ամբողջ շրջանը կրնայ իրարանցումի եւ արիւնահեղութեան մատնուիլ»։