
– Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ, Նոյեմբեր 23ին Սէուտական Արաբիոյ մէջ ստորագրեց ՄԱԿի միջնորդութեամբ գոյացուած համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ան իշխանութիւնը 30 օր ետք պիտի յանձնէ փոխնախագահին, այն պայմանով, որ իր դէմ դատական հետապնդում տեղի պիտի չունենայ: Ընդդիմութան որոշ հատուածներ համաձայն չեն այս համաձայնագիրին, որ կրնայ վերջ դնել Սալեհի 33ամեայ պաշտօնավարութեան:
– Անցեալ Փետրուարին տեղի ունեցած Պահրէյնի ցոյցերու ընթացքին սպանութեանց շուրջ միջազգային հետաքննութեան զեկուցումը դատապարտեց երկրին ապահովական մարմինները: Թագաւորը յայտարարեց, թէ պիտի կազմուի կառավարական խմբակ մը, որուն պարտականութիւնն է գործադրել հետաքննութեան այդ յանձնախումբի յանձնարարականները։ Ան խոստացաւ պատասխանատու պաշտօնատարները հաշուետուութեան կանչել, նշելով, որ երկիրին օրէնքները միջազգային չափանիշներու հասցնելու համար բարեփոխումներ պիտի կատարուին:
– Այս տարուան երրորդ եռամսեակի մասին նորագոյն տուեալներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու տեղական ընդհանուր արտադրութիւնը 2 տոկոս եղած է, այսինքն՝ 0.5 տոկոսով նուազած է առաջին արժեւորումէն: Երրորդ եռամսեակի տնտեսական գործունէութեան վերջնական գնահատականը պիտի հրապարակուի Դեկտեմբեր 22ին:
– Ատրպեճանական «Ենի Մուսաւա»չ թերթը կը գրէ, որ պետական պաշտպանութեան ծառայութեան «Պեթա» ջոկատէն զինուոր մը աշխատանքէ հեռացուած է՝ պարզապէս նամազ կատարելուն համար, եւ թէ վերջերս նշանակուած ջոկատին հրամանատարը անհիմն պատճառաբանութիւններով պաշտօնազրկած է նաեւ քանի մը այլ սպաներ, իսկ իր բարեկամներուն պաշտօնները բարձրացուցած է:
– ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Ճէյմզ Ափաթուրի յայտնած է, թէ արաբական շարք մը երկիրներու մէջ կացութիւնը արագօրէն զսպելու եւ կարճ ժամանակի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու «անիրապաշտ ակնկալիքներ» պէտք չէ ունենալ: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Գանատայի Հալիֆաքս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին: Ափաթուրի աւելցուցած է, թէ այս հանգրուանին, ՆԱԹՕ Սուրիոյ մէջ որեւէ միջամտութիւն չի ծրագրեր:
– Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութենէն երեսփոխան Պենիամին պեն Էլիազար յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, Իսրայէլ պէտք է Եգիպտոսը դիմակալելու պատրաստուի, որովհետեւ ինքզինք պիտի գտնէ Եգիպտոսի հետ ճակատելու վիճակին մէջ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սինա սկսած է «ահաբեկչական շրջան»ի մը վերածուելու, եւ ի տարբերութիւն Կազայի՝ Իսրայէլ հոն միջամտելու ազատութիւնը չունի: