ԵՐԵՒԱՆ.- «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը հեռաձայնային հարցազրոյց մը ունեցած է Փարիզ գտնուող արցախցի յայտնի բարերար Լեւոն Հայրապետեանին հետ, որուն ընթացքին ան հանդէս եկած է կարգ մը կոշտ յայտարարութիւններով՝ Հայաստանի մէջ ահռելի չափերու հասնող փտածութեան, պետական համակարգին մէջ տիրող անգրագիտութեան եւ ձեւաւորուած մեծահարուստ իշխանաւորկան խաւի վերաբերեալ՝ այդ երեւոյթները համարելով Հայաստանի գլխաւոր չարիքները:
Հայրապետեան պատասխանած է նաեւ Շարլ Ազնաւուրի աղմկահարոյց հարցազրոյցին, ինչպէս նաեւ Գանձասարի պատի սալիկապատման առնչուող հարցերուն:
Բարերարը անդրադարած է Հայաստանի բանակի բարձրաստիճան սպայակազմի ապրելակերպին՝ յղփացած զինուորականները անուանելով «թերարժէքութեան բարդոյթ ունեցողներ»:
Հայրապետեան դատապարտած է առաւօտէն մինչեւ երեկոյ պատկե-րասփիւռով գովազդուող «բարեգործ» մեծահարուստները՝ նշելով, որ անոնք կը կերտեն իրենց քաղաքական ապագան՝ միայն փշրանքներ վերադարձնելով ժողովուրդէն գողցած եւ չվճարած հարկերէն: Բարերարը նաեւ ցաւ յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ամենալաւ գործարարութիւնը վարչական պաշտօն զբաղեցնելն է:
Հայրապետեան ըսած է, որ կը փափաքի Հայաստանի արտաքին անվտանգութեան վրայ որեւէ կերպ չազդող որակեալ յեղափոխութիւն տեսնել մեր երկիրին մէջ:
«Պէտք է փոխառել միջազգային փորձն ու բոլորը կարգի բերել, որպէսզի ամենախոշոր ընկերութիւնները հարկատուներու ցանկին մէջ չըլլան 50րդ կամ 114րդ տեղը: Փոքրիկ Հայաստանի մէջ կարելի է կարգուկանոն հաստատել կէս տարուան ընթացքին: Պէտք է իրականացնել «ցուցակ» անուանումով գործողութիւն՝ ստեղծելով ոչ թէ ժողովուրդի, այլ՝ արհեստական մեծահարուստ իշխանաւորներու արտագաղ»չ, ըսած է Հայրապետեան: