ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի բանբեր Խաչիկ Գալստեանը, Նոյեմբեր 28ին յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը չի կրնար պաշտօնապէս արձագանգել Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւններուն, քանի որ Գագիկ Ծառուկեան կը բացակայի Հայաստանէն:
Այնուամենայնիւ, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը ներկայացնող պատգամաւորները տարակուսանք կը յայտնեն ՀԱԿ-ԲՀԿ համագործակցութեան նպատակայարմարութեան մասին՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւններուն գծով:
ԲՀԿ պատգամաւոր Վարդան Բոստանջեան նշած է, որ դժուար կը պատկերացնէ այդ համագործակցութիւնը: «Ամէն դէպքում, այդ առաջարկով պայմանաւորուած գործընթացներ, երեւոյթներ, ես դժուար եմ հիմա պատկերացնում, որովհետեւ մենք գտնւում ենք միախառն կառավարութեան համագործակցութեան մէջ, եւ մեր առաջիկայ ընտրութիւնների եւ ընդհանրապէս՝ երկրի զարգացման հետ կապուած խնդիրների առումով, կարծես թէ չունենք խնդիրներ եւ դժուար եմ պատկերացնում, թէ այդ համագործակցութիւնը ինչի կը բերի», ըսաւ ան եւ հաստատեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն խօսքերը, թէ ԲՀԿի եւ ՀԱԿի միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ որեւէ հանդիպում կամ քննարկում չէ եղած:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 25ի հանրահաւաքին, Տէր Պետրոսեան յայտարարեց, թէ Հայ Ազգային Կոնգրեսը պէտք է պատրաստ ըլլայ լրջօրէն քննարկելու ԲՀԿի հետ համագործակցելու հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները, եթէ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը անկեղծօրէն մտադիր է դուրս գալ միախառն (կոալիցիոն) կառավարութենէն եւ պայքարիլ օրինական ընտրութիւններու համար:
Վարդան Բոստանջեան հակադարձած է ըսելով, որ իր կուսակցութիւնը անկեղծ է իր բոլոր գործողութիւններուն մէջ, իսկ անդրադառնալով միախառն կառավարութենէն դուրս գալու հարցին՝ ըսած է. «Այդ առումով էլ բացարձակապէս խօսակցութիւններ չեն եղել»: