ԱՆԳԱՐԱ, «Ճիհան».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին,a իր կուսակցութեան երեսփոխանական խմaբակի ժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ կոչ ըրած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ ետ քաշէ Տերսիմի կոտորածներուն կապակցութեամբ պետութեան անունով իր խնդրած ներողութիւնը՝ պնդելով, որ Տերսիմի մէջ տեղի ունեցածները ապստամբութիւն մը զսպելու նպատակով առնուած հարկաւոր քայլեր էին:
Պահչելի նաեւ պնդած է, թէ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ամօթալի էջեր չկան եւ աւելցուցած, թէ Տերսիմի ապստամբութեան կազմակերպողները պէտք է համեմատել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներուն հետ: