ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անզաւակութիւնը ընկերային կեանքի տխուր երեւոյթներէն մէկը ըլլալով, ցարդ բազմաթիւ ընտանեկան դժբախտութեանց պատճառ հանդիսացած է: Պէտք չէ ընդհանրացնել այս երեւոյթը անշուշտ, որովհետեւ եղած են նաեւ պարագաներ, երբ տուեալ զոյգը գիտակից իր բախտին, փորձած է համակերպիլ կացութեան, եւ այլեւայլ միջոցներով ծնողական պարտականութիւն կատարած է որդեգիրի, եւ կամ՝ չքաւոր մանուկներու:
«Անզաւակ» բառը փոխաբերական իմաստով նաեւ կը գործածուի, չտես կամ յետոյ հարստացած մարդոց համար: Այն ուրախութիւնը որ յանկարծ կրնայ ունենալ անզաւակ անձը երբ տղայ զաւակ ունենայ, կը համեմատուի անոր, որ իր ամբողջ կեանքը՝ ծնողներու երիտասարդութենէն մինչեւ իր չափահասութիւնը, համեստ պայմաններու մէջ ապրած ըլլալով, յանկարծ կը հարստանայ բարեբախտ զուգադիպութեամբ: Կ՛ըսուի թէ յանկարծ երբ անզաւակ մարդը տղայ զաւակ ունենայ, ուրախութենէն իր հաւասարակշռութիւնը կրնայ կորսնցնել, անախորժ դէպքերու դուռ բանալով…:
Տղայ ունեցող անզաւակ մարդուն անկանխատեսելի այդ վարմունքը կրնայ որդեգրել նաեւ այն անձը, որ պարագաներու բերմամբ յանկարծ կը հարստանայ: Տեսնուած է, որ արեան ճամբով սերունդէ սերունդ համեստութիւն ու խոնարհութիւն ժառանգած մարդիկ, նկարագիր փոխած են ու գոռոզացած: Այսքանը ««բնական» հետեւանքը նկատուէր թերեւս յանկարծ ստացուած հարստութեան, սակայն աւելին կ՛ընեն անոնք: Որովհետեւ, ինչպէս անզաւակ մարդը երբ յանկարծ տղայ զաւակ ունենայ խելագարութեան նշաններ կրնայ ցոյց տալ, ու անսպասելի արարքներ գործելով ուղղակի վնաս հասցընել իր նորածինին, նոյնպէս ալ յետոյ հարստացած անձը կրնայ շրջապատին վնաս հասցնել ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ՝ գործով:
Համեստ ու խոնարհ պայմանները կեանքի, բնա՛ւ խոտելի չեն: Այնքան ատեն որ ինքնաճանաչողութիւնը եւ ինքնագիտակցութիւնը արթուն են, չեն թողուր որ մարդը իր չափէն ու աստիճանէն վեր բարձրութիւններու ցանկայ, կամ գլուխը այնքան բարձրացնէ, որ անբնական վիզ ունեցողներու կարգին դասուելով ընձուղտ կարծուի, ու մարդոց խումբէն զանազանուի…:
Հարստութեան նման է նաեւ բարձր պաշտօնը, զոր բախտի բերմամբ կրնան ստանձնել ոմանք, առանց արժանի ըլլալու այդ դիրքին: Բարձր պաշտօնը եւս կրնայ մինչեւ խելագարութեան տանիլ մարդը, որ յանկարծ կրնայ իր անձը տարբեր տեսնել իր նմաններէն: Նոյն Արարիչին ստեղծած արարածը, նոյն միս ու ոսկորով, ջղային նոյն դրուածքով եւ հողայնանալու նոյն վախճանով, կրնայ այնքան անհանդուրժողութիւն ցուցաբերել իր նմանին հանդէպ, որ մինչեւ իսկ տարբեր մոլորակէ եկած նկատելով զայն, փորձէ կալանաւորել ու իրեն ծառայեցնել: Անզաւակին յանկարծ պարգեւուած տղայ զաւակը չէ որ միայն կրնայ անհաւասարակշիռ դարձնել անոր ծնողքը, այլ երբեմն նաեւ բարձր պաշտօնը, զոր ստանձնելէ ետք կրնայ տուեալ անձը զրկել տեսողութենէ, որովհետեւ չկայ աւելի զօրաւոր լոյս որ կրնայ կուրցնել մարդուն աչքը, քան՝ փառքին լոյսը:
Դիտեցէ՛ք վերջին տարիներուն ապրած ու գործած բռնապետներուն կեանքը: Ժողովրդային «հուռա՜»ներով, երգ ու պարով, տափով ու թմբուկով իրենց պաշտօնին կոչուած այդ սովորական մահկանացուները, կարճ ժամանակ ետք անմահ նկատուելով, ոչ միայն անձեռնմխելի կը դառնան, այլ աւելին՝ անհպելի: Հպատակները, նոյնիսկ լուսանկարներու մէջ տեսնելով զանոնք, չեն համարձակիր շեշտակի նայիլ անոնց աչքերուն, վախնալով որ լուսանկարին մէջէն երեւցող անձը իրենց նայի ճիշդ այդ պահուն:
Վստահաբար տարիներու ընթացքին իրենց մատուցուած յարգանքը, ակնածանքը ու մանաւանդ պաշտօնին նկատմամբ տածուած երկիւղալից արտայայտութիւնները պատճառ դարձած են այն հանգամանքին, որ առհասարակ հպատակներու աչքին կ՛աստուածացնէ մահկանացու մարդը: Իսկ վերջինս, կամաւ թէ ակամայ հաւատալով ընծայուած փառքին ու վայելած բացառիկ յարգանքին, երկրաւորներէն անջատած կ՛ըլլայ իր անձը, ու գերմարդկայիններու փաղանգին անդամագրուած: Աւելորդ է ըսել, թէ անկարելի է այդպիսիներուն ետ բնական կեանքին վերադառնալը: Գոյացած ներքին համոզումը չարտօներ որ անձը մոռնայ իր անցեալը ամբողջովին, ու կեանքը սկսի սովորական մահկանացուի նման: Միայն նիւթական առաւելութիւնները զորս կը վայելէր իր փառքի օրերուն, չեն թողուր որ հաշտուի նոր իրականութեան հետ: Ուստի, մինչեւ վերջ պայքարելու ուխտ կը կատարէ, յանուն իր արժանապատուութեան պաշտպանումին:
Խոնարհ դասակարգի պատկանող ծանօթ մարդուն բախտը ժպտելով, հսկայ ու շքեղ յարկաբաժինի տիրացաւ: Նախկին խրճիթը, որ պապենական տունն էր, եւ որ գետնին սալայատակ իսկ չունէր, իր հողածածկ տանիքով ու կիրով ճերմկցուած պատերով, շուտով անցաւ պատմութեան: Զատիկէ զատիկ առնուող տօնական հագուստները դարձան սովորական, երբ ամէն շաբաթ մէկ ձեռք նոր տաբատ ու շապիկ սկսան անբաւարար նկատուիլ…: Երազի մէջ տեսնուած ծնկահամակարգիչը իր ամէնէն կատարելագործուած հզօրութեամբ եւ աշխարհահռչակ վաճառանիշով, ձեռքի խաղալիք դարձաւ: Տունէ տուն հեռախօսի փոխարէն բարձրաձայն աղաղակները, որոնք անտառային ձայնարկումներ կը յիշեցնէին, կարճ ժամանակ ետք արհեստագիտութեան հնարած ամէնէն արդիական բջիջայիններով փոխարինուեցան:
Յիշեցումները անցեալին մասին, ջղագրգիռ սկսան դարձնել ենթական, որ ամօթ կը համարէր նման արտայայտութիւններ, որոնք անպայման իր արժանապատուութիւնը վիրաւորելու համար չէին ըսուեր բարեկամներու կողմէ, այլ հին ու լաւ օրերը յիշելու եւ զանոնք վերապրելու միտումով:
Իր վարմունքը տեսնելով, բարեկամներ իրենց գլուխը կը ճօճէին, միշտ յիշելով անզաւակին ունեցած տղայ զաւակին պատմութիւնը, ուր հայրը ուրախութենէն շփոթած, անգիտակից մէկ արարքով վնաս հասցուցած էր իր այնքան երազած երեխային: Տուն, եւ անշարժ թէ շարժուն որեւէ ստացուածք կամ գոյք, այս աշխարհի մէջ մնալու դատապարտուած են:
Ոմանց մօտ երեւցող այս տխուր երեւոյթը դարմանումի կը կարօտի անշուշտ: Թէ ինչպէ՞ս, պէտք է հիմնուիլ այդ մասին խոստովանողներու փորձառութեան վրայ: Նախ պէտք է համոզում գոյացնել, թէ այդ ամէնը՝ ստացուածք թէ պաշտօն, մեզի կը պատկանին: Կարեւոր չէ թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ ստացուած են անոնք, այլ՝ կարեւոր է գետնի վրայ կոխած հաւատալ այդ բախտին, չտարուիլ երազներով, որպէսզի անսպասելի կամ անակնկալ արարքներ չգործուին յանկարծ, որուն զոհ գացած էր անզաւակին ծնած տղայ զաւակը:
Հաւասարակշռութիւն պահել եւ զգօն ըլլալ, մանաւանդ կեանքի յաջողութեանց պարագային, կը կարօտին յաւելեալ գիտակցութեան, որուն կ՛օգնէ Աստուածատուր շնորհքը: Վա՜յ անոր, որուն աւելի նուազ բաժին կ՛իյնայ երկնատուր այդ պարգեւէն…: