ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին հաղորդեց, թէ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը շարունակած է նուազիլ՝ իջնելով 8.6 տոկոսի:
Այս համեմատութիւնը նուազագոյնն է Մարտ 2009էն ի վեր: Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 9 տոկոս էր:
Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը միայն 120,000 նոր աշխատատեղ կրցած է գոյացնել, մեծ մասամբ՝ սեփական մարզին շնորհիւ: Արդարեւ, մինչ պետական մարզը շարունակած է գործէ արձակել պաշտօնեաներ (20,000 անձ), Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին սեփական մարզը 140,000 նոր աշխատատեղ ստեղծած է:
Անգործութեան համեմատութեան նուազումը մասամբ կը վերագրուի նաեւ այն իրողութեան, որ աւելի քան 300,000 անգործ ամերիկացիներ դադրած են աշխատանք փնտռելէ: