ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սլաք».- Դեկտեմբեր 2ին կայացած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է «Հայաստան» Հիմնադրամի ծիրէն ներս կազմակերպուած բարեգործական ճաշկերոյթէն առաջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են վերջին օրերուն տեղի ունեցած ԲՀԿի անդամներու ձերբակալութիւններուն եւ քաղաքական հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Յիշեցնենք, որ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան իր 55ամեակը նշելու համար մեկնած էր Տուպայ. երբ ԲՀԿ առաջնորդը Հայաստանէն դուրս կը գտնուէր, տեղի ունեցան քանի մը ուշագրաւ իրադարձութիւններ, որոնց ընթացքին ԲՀԿ մարզային ղեկավարներ ձերբակալուեցան, իսկ ՀԱԿի հանրահաւաքին ընթացքին, ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ քաղաքական դաշտին մէջ ԲՀԿին համագործցելու հրապարակային առաջարկ հնչեց: