ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան համատեղ ջանքերով, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Նոյեմբեր 30ին Թիֆլիսի «Ամիրանի» շարժապատկեր-թատրոնին մէջ կազմակերպած է հայ մեծ վաճառական եւ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշովի գործունէութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը, որուն ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկած են Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան եւ Արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան:
«Ալեքսանդր Մանթաշեանց. Մեծ հայու խիղճը» վաւերագրական շարժապատկերին ցուցադրութեան ներկայ եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի հոգեւորականները, Հայաստանի արդիւնաբերողներու ու գործարարներու միութեան անդամներն ու Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները: