
ՀԱԼԷՊ.- 1961ին հայ մեծ դերասան Պ. Ադամեանի անունով մկրտուած Հալէպի ՀԲԸՄի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան թատերախումբը մեծ շուքով նշեց իր յիսնամեայ յոբելեանը: Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Արդարեւ, շաբաթ մը ամբողջ հալէպահայութիւնը բաժնեկից դարձաւ ադամեանցիներու բերկրանքին՝ զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն:
Յոբելեանի ձեռնարկներու շարքին ներկայացուեցաւ թատերական արխիւային ցուցահանդէս, ուր դրուած էին «Ադամեան» թատերախումբի խաղացանկէն լուսանկարներ, ալպոմներ, որմազդներ, յայտագիր-գրքոյկներ, տարբեր ներկայացումներու մէջ օգտագործուած զգեստներ, գոյքեր նաեւ մրցանակներ եւ վկայագիրներ: Ցուցահանդէսի բացումը կատարեցին Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ՝ բեմադրիչ Նիկոլայ Ծատուրեանը եւ թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանը, որոնք յատկապէս այս առիթին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Երեւանէն: