ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 30ին, Նիւ Եորքի «Սիրաքուզա» համալսարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր մեծ մօր մասին գրած կենսագրական իր գիրքի ընթերցանութեամբ եւ դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ փրոֆ. Փիթըր Պալաքեան:
«Տէյլի Օրենժ» գործակալութեան համաձայն, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի վարկանիշներու ցանկին վրայ, Փիթըր Պալաքեանի մեծ մօր յուշերը ամփոփող գիրքը՝ «Ճակատագրի Սեւ Շունը», Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն աւելի ընթերցուող գիրքերու շարքին է:
Փիթըր Պալաքեանի մեծ մօր յուշերուն մասին գիրքը, Մեծ Եղեռնի մասին պատմող ժամանակակից ամենայայտնի աշխատութիւններէն է: