ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լրատու ցանցերէն մէկը կը հաղորդէր, թէ Ատրպէյճանի հաղորդակցութեան նախարար Զիա Մամետովի որդին՝ Անարը, Ուաշինկթընի մէջ հիմնած է «Ատրպէյճան-Ամերիկա Ալլայընս» անունով կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն է հակակշիռ ստեղծել մայրաքաղաքին մէջ հայկական ազդեցիկ ներկայութեան:
Մեր աղբիւրները կը յայտնեն, թէ «Ալլայընս»ը 2.4 միլիոն տոլարի պայմանագիր մը կնքած է Fabiani & Co.-ի հետ, որուն վստահած է լոպիիստական իր աշխատանքներուն յանձանձումը:
Ոչ մէկ կասկած կարելի է ունենալ, թէ Անարի գումարները գոյացած են Ատրպէյճանի ժողովուրդը թալանելու ճամբով: Այդ «հարամ» դրամով երիտասարդ «հայրենասէր»ը պիտի փորձէ Ուաշինկթընի քաղաքական շրջանակները համոզել, թէ իր երկրին մէջ ամէն ինչ կարգին է, թէ ժողովրդավարութիւնը կենսունակ է, թէ ազերի լրագրողներ չեն հալածուիր, չեն բանտարկուիր ու չեն սպաննուիր, թէ ընդդիմադիր գործիչները ազատօրէն կը քննադատեն իշխանութիւնները:
Իր այս դժուարին առաքելութիւնը իրականացնելու համար, Անարի զինանոցը կրնայ որեւէ ժամանակ բազմապատկել իր հնարաւորութիւնները, որոնց համեմատ, հայկական կազմակերպութիւններուն միջոցները շատ խեղճուկ կրնան նկատուիլ: Յամենայնդէպս, մեր հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտութիւնը անհամեմատելի է այս պարագային, պարզ այն պատճառով, որ թէ՛ գումարը գոյացնողը եւ թէ ծախսողը մեր համայնքն է՝ իր զաւակներու արդար վաստակէն:
Այս համեմատութեան մասին կը խորհրդածէի, երբ նամակատուփիս մէջ յայտնուեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեանի դիմումը՝ ուղղուած անձնապէս ինծի ու նաեւ իւրաքանչիւրիս, գալիք Կաղանդի օրերուն չմոռնալու Հայ Դատը եւ մեր պարտքը անոր հանդէպ: Այս անգամ թերեւս քիչ մը աւելիով տանք՝ ի պատասխան Անարներուն: