ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Մարդկային իրաւանց միջազգային օրուան առիթով, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10ին յայտարարած է. «Ատրպէյճանէն սկսած մինչեւ Զիմպապուէյ, բանտերու մէջ հազարաւոր քաղաքական բանտարկեալներ կը պահուին, պարզապէս իրենց կարծիքները խաղաղօրէն արտայայտած ըլլալու պատճառով»՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը դասելով մենատէրներու շարքին:
ՄԱԿի կողմէ 63 տարի առաջ վաւերացուած Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրը պատմական որակելով՝ Քլինթըն կոչ ըրաւ ազատ արձակելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալները, առանց նախապայմանի:
Քլինթըն նշած է նաեւ, որ աշխարհի բոլոր կառավարութիւններուն պատասխանատուութիւնն է՝ իրենց քաղաքացիներու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն ապահովումը՝ խոստանալով միշտ նեցուկ կանգնիլ մարդկային իրաւունքները պաշտպանողներուն եւ աջակցիլ խաղաղութեան համար աշխատողներուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին: