ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նարեկ Յարութիւնեանը (անոր մասին կարդալ էջ 9ի վրայ) կալանաւորելու եւ մինչ դատավարութիւն՝ երկու ամիսով զայն արգելափակուած պահելու որոշումը վրդովումով ընդունեցինք:
Վրդովեցանք, որովհետեւ խաբուած, անիրաւուած ներդրողներու պատմութիւններու շարանին այս վերջին դրուագը, սփիւռքահայ գործարար շրջանակներու արդէն իսկ անհանգիստ ու վերապահ տրամադրութիւնները քիչ մը աւելի պիտի խորացնէ:
Նարեկին ճանչցողները, որոնց թիւը բաւական մեծ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ, բոլորովին պիտի չհասկնան, թէ ինչո՞ւ բարերար ընտանիքի մը այս զաւակը պէտք էր բանտարկուած պահուէր, կասկածելի հիմքերով դատի մը պատրաստութեան շրջանին:
Նարեկը, վերջին ամիսներուն, երբ սփիւռքահայ մէկ այլ գործարարի՝ Էդմոնդ Խուդեանի, գլխուն եկած փորձանքներուն կ՛անդրադառնայինք, «Ասպարէզ»ին հետ կապի մէջ էր եւ մտահոգութիւններ կը յայտնէր նաեւ իր դէմ սկսուած արշաւի մը մասին:
Սփիւռքէն անշուշտ դժուար է հետեւիլ դատական գործընթացին (գործընթացներուն՝ Խուդեանի պարագան ալ նկատի առնելով): Այսուհանդերձ, «Ասպարէզ»ը, հայրենիքի մէջ ներդրումները խրախուսելու իր սկզբունքներէն մեկնելով՝ պարտաւոր կը զգայ իր կարելին ընել, որպէսզի այս հարցի բոլոր ծալքերուն ծանօթանայ, հանրութիւնը ճշմարտութեան հաղորդակից դարձնելու նպատակով:
Մենք պարտաւոր ենք շրջահայեաց ու զգոյշ ըլլալով հանդերձ (Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հանդէպ բացասական որեւէ քարոզչութիւն շատ մեծ վնասներ կրնայ տալ, իսկ վստահութեան վերականգնումը մենք գիտենք թէ որքա՛ն դժուար է, որքա՛ն երկարատեւ ճիգեր կը պահանջէ), ըլլալ նաեւ պահանջատէր, որպէսզի այս հարցով զբաղող Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները հրապարակային կերպով լուսաբանեն իրենց իւրաքանչիւր քայլին հիմքերը՝ սկսելով երկու ամիսով կալանաւորելու այս որոշումէն: