
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ Կիրակի, Դեկտեմբեր 11ին շատ խիստ պատասխան տուաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութեան, ըստ որուն՝ ուշ կամ կանուխ Թուրքիոյ ղեկավար մը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշարձանը, պիտի խոնարհի անոր առջեւ ու պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Պաղըշ ըսաւ, որ այսպիսի յայտարարութիւն մը կը նշանակէ՝ «չափը չգիտնալ»:
«Աշխարհի վրայ չկայ ուժ մը, որ ծունկի կը բերէ թուրք ժողովուրդը», պնդեց Պաղըշ եւ աւելցուց, թէ այսպիսի յայտարարութիւն մը «Հայաստանի նախագահին հասակէն վեր է»։
Պաղըշ այս յայտարարութիւնը ըրաւ Քեղաթհանէի մէջ, ուր ներկայ կը գտնուէր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանային համաժողովին։
«Քաջերու երկիր Քեղաթհանէէն պատգամ մը ղրկել կ՛ուզեմ Հայաստանի նախագահին: Դուն քու ժողովուրդը անօթի ու թշուառ վիճակի մատներ ես, քու ժողովուրդը 4 միլիոնէն 2 միլիոնի իջեր է, քու ժողովուրդին զաւակները հիմա դէպի աշխարհի չորս կողմը փախչելու սկսեր են, նոյնիսկ Թուրքիա ալ եկեր են, մեր զաւակներուն կը նային, մեր հիւանդները կը խնամեն. թուրք ժողովուրդը ա՛յս կերպով իր լայնախոհութիւնը ցոյց կու տայ», ըսաւ Պաղըշ։
Պաղըշ կրկնեց, որ ո՛չ մէկը կրնայ ծունկի բերել թուրք ժողովուրդը, այլ ընդհակառակը, թուրք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ծունկի բերել անգիտակից յայտարարութիւններով հանդէս եկողները։