ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայուհիներ» երկհատորեայ հանրագիտարանի շնորհահանդէսը: Երկհատորեակը կազմուած է 12 բաժինէ, որ կենսագրական տեղեկութիւններ կը պարունակէ հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի աւելի քան 50 երկիրներու մէջ 1236 պատուարժան յայտնի հայ կանանց մասին, որոնք փառաւորած են իրենց հայրենիքը, անջնջելի հետք ձգած՝ տարբեր բնագաւառներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ:
Հանրագիտարանին մէջ ամփոփուած են տեղեկութիւններ բժշկութեան եւ գիտութեան, գրականութեան եւ թատրոնի, երաժշտական աշխարհի եւ պարարուեստի, նկարչութեան եւ մարմնամարզութեան, ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան, ազգային-ազատագրական շարժումի, պետական, հասարակական գործունէութեան եւ բարեգործութեան բնագաւառներուն մէջ յայտնի հայուհիներու, նոյնիսկ դիցուհիներու, թագուհիներու, իշխանուհիներու եւ սուրբերու մասին:
«Հայուհիներ» հանրագիտարանը լոյս տեսած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի աջակցութեամբ եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հայրապետական օրհնութեամբ: Գլխաւոր խմբագիրն է գրող-հրապարակախօս Զօրի Բալայեան:
Հանրագիտարանին մէջ հայ հերոսուհիներուն դրուատանքի խօսքեր ուղղած են ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ԵՊՀ հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցաբանութեան ամպիոնի վարիչ Լեւոն Սարգսեան, ՀՀ բանակի զօրավար-հրամանատար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս), ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Դերենիկ Դումանեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեան, երգահան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ փրոֆ. Էդուարդ Միրզոյեան, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Յովհաննէս Դիւանեան, Նկարիչներու միութեան նախագահ փրոֆ. Կարէն Աղամեան, ՀՀ ճարտարապետներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Մինասեան եւ լրագրող, մարզական մեկնաբան Ալեքսանդր Գրիգորեան: