ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ՀՀ Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 12ին աշխատանքային այցով մը մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղ:
Ստեփանակերտի մէջ ՀՀ ԱԺ նախագահը հանդիպումներ ունեցած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւորներու հետ: ԱԺ նախագահը եւ պատուիրակութեան անդամները նաեւ պիտի այցելեն Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրը ու ծաղկեպսակ պիտի դնեն եղբայրական գերեզմանին:
Այսօր երեկոյեան, ԱԺ նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը պիտի վերադառնայ Երեւան: