ՇՈՒՇԻ, «Թեր»չ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 10ին այցելած է Շուշիի շրջանային կեդրոն, ուր աշխատանքային քննարկումներ իրականացուցած է քաղաքին մէջ բժշկական նոր համալիրի կառուցման վերաբերող հարցերուն շուրջ: Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է Շուշիի մէջ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող համալիրի կառուցումը՝ զայն համարելով քաղաքի զարգացման անհրաժեշտ խթաններէն մէկը:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած է նաեւ Շուշիի մէջ գտնուող գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի պահեստներ եւ ծանօթացած անոնց պայմաններուն: Նախագահը նշած է, որ այս պահեստները կը համարուին հանրապետութեան պետական պահուստի կարեւոր բաղադրամասը եւ իշխանութիւններու մշտական ուշադրութեան տակ են:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան այցելած է Շուշի-Կարմիր Շուկայ խաչմերուկին գտնուող կարծր վառելիքով կաթսաներու պատրաստման արտադրամաս եւ ծանօթացած անոր աշխատանքներուն, որմէ ետք ուղեւորուած է Հադրութի շրջան:
Հադրութի Ազոխ գիւղին մէջ երկրի ղեկավարը այցելած է նոր կառուցուող դպրոցի շինարարական հրապարակը, որմէ ետք հանդիպում ունեցած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկած այնտեղ առկայ հիմնախնդիրներն ու իրականացուելիք ծրագիրները:
Նոյն օրը երկրի ղեկավարը Հադրութ քաղաքին մէջ մասնակցած է պաշտպանութեան բանակի սպաներուն եւ ենթասպաներուն նոր բնակարաններու բանալիներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան: Նախագահը արժէքաւոր նուէրներ յանձնած է բնակարանամուտ տօնողներուն եւ ընդգծած, որ զինուորական ծառայողներու հասարակական-կենցաղային պայմաններու բարելաւումը մշտապէս կ՛արժանանան իշխանութիւններու ուշադրութեան: