ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր Դեկտեմբեր 12ին համերգ մը տուած է Մոսկուայի Քրեմլինի պալատին մէջ, անմոռանալի տպաւորութիւններ պարգեւելով ներկաներուն:

Հռչակաւոր երգիչի շրջագայութեան կը մասնակցի նաեւ անոր դուստրը՝ Քաթիան, որ մէկ երգ կատարած է հօրը հետ։ Համերգէն ետք հանդիսատեսը շուրջ 15 վայրկեան յոտնկայս ծափահարած է արուեստագէտին: