
Հայ Ոսկերիչներու Միջազգային Միութիւնը, իր տեղական մասնաճիւղերով կազմակերպուած հզօր կառոյց մը եւ ազգային մեր հիւսուածքին մէջ կենսունակ օղակ մը դառնալու բոլոր տուեալները ունի:
Այսօր, Ոսկերիչներու միութիւնը ուժեղ կառոյցով օժտուած տեսնելու մեր ակնկալութիւնը աւելի մօտ է իրականութեան, պարզապէս այն պատճառով, որ կազմակերպութեան գլուխ կանգնած է եռանդուն, ինքնավստահ, տեսիլք ունեցող անձնաւորութիւն մը՝ յանձինս Գագիկ Գէորգեանի, որ յստակ պատկերացում ունի միութեան ազգային առաքելութեան վերաբերեալ, միեւնոյն ատեն հանդիսանալով այն առանցքային-կեդրոնական դէմքը, որ կրնայ իր ոլորտին մէջ աշխատող-գործարար շրջանակը իրարու շաղկապել, իրարու հետ աշխատելու, համագործակցելու մղել, փոխադարձ շահաւէտ գաղափարը կեանքի բերել:
Շրջանիս ոսկերիչներուն նուիրուած այս թիւը մեր համեստ ներդրումն է այս միութեան, այս շրջանակին հանդէպ համայնքին հետաքրքրութիւնը ընդարձակելու գործին: Կ՛ուզենք ծանօթանալ բոլոր հայ ոսկերիչներուն ու ծանօթացնել զանոնք համայնքին: Կ՛ուզենք սատար կանգնիլ ու զօրացնել մեր ազգային իրականութեան մէջ դեր ստանձնելու կոչուած այս օղակը եւս:
Ասիկա առաջին քայլն է: Եթէ գնահատուի այս մէկը, ապա կրնանք երթը շարունակել: