ՇՈՂԵՐ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ
Հայրս՝ Թագւոր Գէորգ Չափարեան, ծնած է Մայիս 26, 1925ին, Մուսա լերան Պիթիաս գիւղը։ Ան երրորդ զաւակն էր Գէորգ եւ Մարիամ Չափարեաններուն եւ եղբայրն էր Շուշանի, Մարտիրոսի, Կարոյի, Արտաշէսի, Պերճուհիի եւ Պերճի։ Հայու դաժան ճակատագիրին ենթարկուելով՝ 1939ին տեղահանուած է իր տունէն եւ 14 տարեկանին իր ընտանիքին հետ հաստատուած Լիբանանի Այնճար գիւղը:
15 տարեկանին արձանագրուած է Ֆրանսական բանակի զինուոր, որպէսզի կարենայ փրկել իր ընտանիքը անօթի եւ գաղթական վիճակէ։ Ընտանիքին բեռը իր ուսերուն վրայ առած՝ կարելին ըրած է, որ իր եղբայրներն ու քոյրերը ունենան ապրելու միջոց։
Ամուսնացած է 1959ին Մայրենի Խուստէքեանի հետ, եւ կազմած իր հայկական տաքուկ բոյնը՝ Պէյրութի մէջ։ Ան բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Ճորճ, Նորա եւ Շողեր։ Եղած է կատարեալ հայր եւ ամուսին։ Ան ճանչցուած էր իր աշխատասիրութեամբ։ Շաբթուան ընթացքին կ՛աշխատէր Պէյրութի մէջ, իսկ շաբաթավերջին Այնճար կ՛երթար, որպէսզի հոգ տանի իր պապենական պարտէզներուն։ Կը սիրէր հողը, բոյսը, ծառը… Ամէն տարի Ապրիլ 24ին, իր զաւակներուն հետ կը ցանէր նոր ծառ մը՝ բացատրելով անոնց, թէ հայը վախկոտ չէ. հայը կը գոյատեւէ. մուսալեռցին կը ցանէ՝ նոր կեանք մը սկսելու համար։
Շատ կը սիրէր ուսումը, բայց դժբախտաբար իրեն առիթ չէր ընծայուած այդ մէկը կատարելու։ Կը խօսէր հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անշուշտ՝ Մուսա լեռի բարբառը։ Չարաչար աշխատելով՝ իր զաւակները ուղարկեց Լիբանանի լաւագոյն հայկական վարժարանները։ Զանոնց արձանագրեց ՀՄԸՄի, Լիբանանի Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ եւ դպրաց դասի շարքերէն ներս։ Իր զինուորական դաստիարակութեամբ, իր զաւակներուն մէջ կերտեց տիպար քաղաքացիի նկարագիրը։ Իր տան մէջ օրէնքներ դրաւ եւ ստիպեց, որ իր զաւակները հետեւին անոնց։
Ան շատ ընկերային էր։ Կը սիրէր իր հարազատները եւ ընկերները՝ գուրգուրալով անոնց զաւակներուն՝ իր զաւակներուն նման։ Կը սիրէր խնճոյքը, պարը, ուտելը, խմելը եւ հաճելի ժամեր կ՛անցնէր իր ընկերներուն հետ։ Երբ տաուլ-զուռնայի ձայնը լսէր, ան իր ձեռքերը բռնած՝ պատրաստ էր պարելու թմբուկին առջեւ։
1975ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, կը փոխադրուի Այնճար եւ հոն կը հաստատուի իր պապենական տան մէջ։ Երբ իր զաւակները կ՛աւարտեն իրենց երկրորդական վարժարանը, ան ստիպուած կ՛ըլլայ զանոնք ղրկել Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի անոնք համալսարանական ուսում ստանան։ Ապա տարիներ ետք, իր կնոջ հետ կը միանայ իր զաւակներուն՝ իր ետին թողելով իր տունը, ընկերները, դրացիները, ծառերն ու ծաղիկները։
1992ին իրենց ընտանիքին կը միանայ իր տղուն հարսը՝ Իսկուհի Փամպուքեանը, ապա 1998ին՝ Շողերին ամուսինը՝ Ճորճ Չորպաճեանը։ Ան իր զաւակներուն նման կը սիրէր զանոնք եւ միշտ հպարտութեամբ կը խօսէր անոնց մասին։
Բախտաւորուեցաւ 4 թոռնիկներով՝ Շաղիկ, Լալէ, Արենի եւ Նարէ։ Անոնք եղան իր աչքին լոյսը։ Նոր մեծ պարտականութիւն մը ունեցաւ իր կեանքին մէջ՝ գուրգուրալ իր թոռնիկներուն վրայ եւ հոգ տանիլ անոնց։ Բայց ան շատ լրջութեամբ ստնձնած էր այս պարտականութիւնը։ Ան դարձաւ իրենց դաստիարակը դպրոցէն ետք։ Պարելով, երգելով եւ պատմելով՝ իր ամբողջ ուշադրութիւնը տուաւ իր թոռներուն:
Անցեալ տարի իր առողջութիւնը սկսաւ վատթարանալու։ Կինը եւ զաւակները, բժիշկներուն կողքին, փորձեցին իրենց կարելին ընել առողջացնելու համար զայն։ Վերջին օրերուն, հիւանդանոցին մէջ, ան իր մուսալեռցիի քաջութեամբ պայքարեցաւ, որպէսզի չբաժնուի իր սիրելիներէն։ Շատ փորձեց, սակայն Աստուծոյ հրամանով յաւիտեանս փակեց աչքերը, Կիրակի, Հոկտեմբեր 30, 2011ի առաւօտեան ժամը 7։53ին։
Մահուան լուրը երբ Լիբանան հասաւ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ զանգակները ղօղանջեցին՝ յիշելով «աշխատասէր Թագւորը», «բարի դրացին», «անկեղծ ընկերը», «հպարտ մուսալեռցին», «սիրեցեալ ամուսինը», «կատարեալ հայրը» եւ «հոգատար մեծ հայրը»։
Հայրիկ, թող հողը թեթեւ գայ քու յոգնաբեկ ոսկորներուդ վրայ եւ յիշատակդ անմար մնայ մեր սիրտերուն մէջ…
———————————————————————————————————————————————————-
Իմ Պապուկս
Արենի Չորպաճեան
(10 տարեկան)
Իմ պապուկս աննման էր,
Իմ պապուկս մէկ հատիկ էր,
Ան չորս թոռնիկներ ունէր
Եւ անոնց շատ կը սիրէր:
Իմ պապուկս գեղեցիկ էր,
Իմ պապուկս ընկերասէր էր,
Մեզի հետ կը պարէր
Եւ մեր հետը կ՛երգեր:
Իմ պապուկս շատ քաջ էր,
Իմ պապուկս հայրենասէր էր,
Մեզի կ՛ըսէր հայերէն խօսեցէ՛ք,
Հեռատեսիլ շատ մի՛ դիտէք:
Իմ պապուկս շատախօս էր,
Աթոռին վրայէն կը հրամայէր,
Սուրճ եւ «սիկարէթ» կ՛ուզէր,
Նէնէին կը չղայնացնէր:
Իմ պապուկս ծառ կը ցանէր,
Իմ պապուկս հողը կը սիրէր,
Ծաղիկները կը ջրէր,
Այնճարի պարտէզը կ՛երազէր:
Իմ պապուկս հիմա հոս չէ
Բայց մեր սրտերուն մէջն է,
Շաղիկը, Լալէն, Արենին, Նարէն
Իրեն միշտ պիտի յիշեն: