ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Արեւմտեան երկիրները անակնկալի մատնելով՝ Ռուսիա Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուց Սուրիոյ իրադարձութեանց շուրջ բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ «բոլոր կողմերուն կողմէ գործուած բռնարարքները», եւ սուրիական իշխանութիւնները կը մեղադրէ «ուժի չափազանց կիրառումով»: ՄԱԿի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Առնօ, անմիջապէս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ Ռուսիոյ կատարած քայլը «արտակարգ իրադարձութիւն» նկատեց, աւելցնելով սակայն, թէ ներկայացուած բանաձեւը «անշուշտ բազմաթիւ բարեփոխումներու կը կարօտի, որովհետեւ հաւասարակշռուած չէ։ Բայց եւ այնպէս, բանաձեւը պիտի ըլլայ այն հիմքը, որուն շուրջ պիտի բանակցինք»։ Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց. «Բանաձեւը ունի քանի մը կէտեր, որոնց չենք կրնար աջակցիլ։ Ցաւօք, անիկա կառավարութեան եւ խաղաղ ցուցարարներուն միջեւ տեսական հաւասարութիւն կը դնէ։ Բայց եւ այնպէս, յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք ռուսերուն հետ գործակցիլ, որովհետեւ անոնք գոնէ առաջին անգամն ըլլալով ընդունեցին, որ սուրիական հարցը պէտք է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննել։
Նշենք, որ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Դեկտեմբեր 17ին Տոհայի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն՝ քննելու համար Սուրիոյ հարցը։ Գահիրէի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, թէ «թրքական կողմը Գահիրէի մէջ նախարարական խորհուրդի վերջին ժողովին ընթացքին պայման դրած էր, որ արաբական «կանաչ լոյս» ապահովուի, որպէսզի «ապահովական գօտի»ի հարցով սկսի առաջ շարժիլ»։
Իր կարգին, Քուէյթեան «Ռայ» թերթը հրապարակեց Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան շուրջ Սուրիոյ ընդդիմութեան՝ Ազգային խորհուրդին, պատկերացումը, զոր Քլինթընի ներկայացուած էր։ Ըստ փաստաթուղթին, կ՛առաջարկուի ստեղծել թրքական սահմանին մօտ գտնուող Ճըսր Շուղուր շրջանէն մինչեւ Միջերկրական ծով երկարող շրջանին մէջ «ապահով գօտի» մը, որ «Սուրիոյ Պենկազին» պիտի ըլլայ։