ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները իբրեւ «դասական» ու «աւանդական» կառոյցներ վարկազրկելու, մերժելու եւ այսպէս կոչուած «ժամանակակից» նորերով փոխարինելու փորձերն ու յաւակնութիւնները այնքա՜ն անհեռանկար են, որ առաջին ակնարկով կրնայ թուիլ, թէ անոնց դէմ այս աստիճան շարունակական ահազանգ հնչեցնելու կարիքը չկայ։
Բայց երբ քննական հայեացքով լուսարձակի տակ առնուին հինցած ու սպառած այդ քարոզարշաւին զուգահեռ հոսող եւ, իբր թէ «Հայաստանակեդրոն» դիրքերէ, «պետական»ը ազգայինին կամ/եւ «հայրենական»ը սփիւռքեանին հակադրող գաղափարական «նորարարութիւնները», վտանգին տարողութիւնը ակնբախօրէն կը մեծնայ եւ աւելի քան կը շեշտէ օրակարգը այսպէս, հետեւողականօրէ՛ն, բաց պահելու հրամայականը։
«Դասական» եւ «աւանդական» յորջորջելով ազգային ու համահայկական կուսակցութիւնները՝ փաստօրէն հետեւողական փորձ կը կատարուի ընդհանրապէս նորահաս սերունդներուն, բայց մանաւանդ հայրենի հայութեան մօտ տարածելու եւ խորացնելու թիւրիմացութիւններն ու գաղափարական շփոթները վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական արեւելումին շուրջ։
Նոյնիսկ Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ, Արցախեան շարժման շղթայազերծման փուլին իսկ, 1988ի Յուլիսէն սկեալ, հայ քաղաքական միտքը դէմ յանդիման գտնուեցաւ ազգային եւ համահայկական մեր երեք կուսակցութիւնները վարկազրկելու գաղափարական ապակողմնորոշման նման արշաւներու։
Կարելի չէ մտահան ընել, օրինակ, Ղարաբաղ Կոմիտէի մերձաւոր շրջանակներուն կողմէ բացուած անարդար համազարկը այսպէս կոչուած «սփիւռքի երեք կուսակցութեանց դէմ»՝ իբր թէ խորհրդային իշխանութեանց ծառայամտօրէն ենթարկուելու «յանցանք»ով զանոնք խծբծանքի եւ ցեխարձակումի նշաւակ դարձնելով։ Եւ ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ միացեալ կոչ մը հրապարակած էին ի խնդիր Ղարաբաղեան շարժումը ազգային միասնութեամբ յառաջ մղելու հրամայականին, բայց «աններելի մեղք»ը գործած էին, իբր թէ, «ինքնանպատակ գործադուլներ»ուն վերջ տալու իրենց յորդորով։
Թէեւ հետագային այդօրինակ արշաւները մասնաւորեցին իրենց քաղաքական թիրախը եւ ուղղուեցան յատկապէս Դաշնակցութեան դէմ, բայց այլապէս՝ իբրեւ գաղափարական մայր ուղղութիւն, շարունակեցին ազգային ու համահայկական կուսակցութեանց «դասական» եւ «աւանդական» դէմքն ու համազգային վարքագիծը վարկազրկելու եւ մերժելու իրենց ընթացքը։ Տեղը չէ ծաւալելու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարչախումբին հակադաշնակցական հիստերիային ախտորոշումը կատարելու ուղղութեամբ։
Պարզապէս տեղն է ընդգծելու, որ միայն դրսեւորումով հակադաշնակցական էր այդ պայքարը, իսկ խորքով ուղղուած էր ազգային եւ համահայկական այն բոլոր սկզբունքներուն եւ աւանդներուն դէմ, որոնք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարական կտակն էին եւ իբրեւ այդպիսին պահպանուած էին որոշապէս Դաշնակցութեան կողմէ։
Միեւնոյն մղումով ալ, Հայաստանի վերանկախացման առաջին քայլերէն սկսեալ, իշխանութեանց ղեկին գտնուող նորայայտ ուժերը ամէն քայլափոխի կատաղի պայքար մղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային եւ համահայկական աւանդներու վերականգնումին դէմ։
– Մերժեցին վերանկախացեալ մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ բերել Հայասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման ու Թուրքիայէն պահանջատիրութեան հարցը։ Ընդհակառակը՝ Հայասպանութեան շուրջ միջազգային հարթակի վրայ լռութիւն պահելու գնով փորձեցին բարի–դրացիական յարաբերութիւններ մուրալ Թուրքիայէն։
– Հակադրուեցան 1921ի Մոսկուայի եւ անոր հետեւող Կարսի դաշնագիրները չեղեալ յայտարարելու ժողովրդային ցոյցերուն եւ, հիւանդագին մոլուցքով, իբրեւ Սփիւռքի «նարինջ ուտողներ»ուն հետեւորդները մեղադրեցին Հայ Դատի պահանջատիրութեան դրօշ պարզող հայրենական ուժերը։
– Իշխանական ամէն ճնշամիջոց գործածեցին, որպէսզի նորամշակ Սահմանադրութեան մէջ արգիլուի երկ–քաղաքացիութիւն ունենալու իրաւունքը՝ արհամարհելով մէկ ու միեւնոյն ազգին պատկանելու աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային սպասումը, նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բովանդակ հայութեան Պետական Տունը հռչակելու համահայկական պահանջը։
– Օրինական եւ ապօրինի ամէն խոչընդոտ յարուցեցին, որպէսզի ազգային ու համահայկական մեր կուսակցութիւնները չկարենան, իբրեւ այդպիսին, պաշտօնական գրանցում ունենալ Հ.Հ. լիարժէք կուսակցութիւններու շարքին։
Երկար ու ամբողջ շղթայ մը կը կազմեն այսօրինակ քայլերը, որոնք մղում առին պետականն ու ազգայինը, միջազգայինն ու հայկականը, հայաստանեանն ու սփիւռքեանը իրարմէ բաժնելու, հատուածականօրէն արժեւորելու եւ կամայականօրէն առաջնահերթութեանց կարգի ենթարկելու շիլ հաշիւներէ եւ գաղափարական խարխափումներէ։
Ժամանակը եկաւ իր սրբագրումները եւ ուղղումները կատարելու։ Սկզբնական կարծրատիպներ փոխարինուեցան համեմատաբար ճկուն կարգախօսներով։ Ազգայինն ու համահայկականը իրենց առաջնահերթութիւնը մասամբ հաստատեցին մեր պետութեան ընդհանուր ուղղութեան մէջ։ Բայց ճամբան դեռ հարթուած չէ անհրաժեշտ չափով։
Հայեւթուրք Արձանագրութեանց վրայ տակաւին կը պահուի Հայաստանի պաշտօնական ստորագրութիւնը՝ իբրեւ Դամոկլեան Սուր սպառնալով մեր անվտանգ երթին ու ազգային–քաղաքական յառաջխաղացքին։
Այդ պատճառով ալ հայ քաղաքական միտքը ամէն իրաւունք ունի, հետեւողականօրէն, ահազանգ հնչեցնելու այն բոլոր խարխափումներուն եւ խոտորումներուն դէմ, որոնք չեն ուզեր ազգային եւ համահայկական յանձնառութեամբ ու ռազմավարութեամբ երաշխաւորել Հայոց պետականութեան համազգային նկարագիրն ու արժէքը։