
Իսրայէլի խորհրդարանին՝ Քնեսեթի կրթութեան հարցերու յանձնախումբը Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբերին, քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, սակայն բանաձեւի որդեգրման հարցը յետաձգեց:
Քննարկման ներկայացուած էին ընկերվարական Մերեց եւ աջակողմեան Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւններու երեսփոխաններ Զահաւա Կալիոնի եւ Արիէ Էլտատի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իբրեւ յիշատակի օր նշման վերաբերեալ բանաձեւերու նախագիծերը:
Նիստին կը նախագահէր յանձնախումբի նախագահ Ալեքս Միլլըր: Նիստին կը մասնակցէր նաեւ Քնեսեթի նախագահ Ռուվեն Ռիւլին, ինչ որ Իսրայէլի խորհրդարանական կեանքին մէջ աննախադէպ երեւոյթ է:
Ռիւլին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Իսրայէլ պատմական եւ բարոյական պարտաւորութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ անկախ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններէն:
Համախոհական կառավարութեան ներկայացուցիչ Զէն Էլքին իր կարգին բանաձեւի որդեգրման թեր արտայայտուած է: Քննարկումի ընթացքին խօսք արտասանած են բազմաթիւ երեսփոխաններ, որոնք հիմնականին մէջ դրականօրէն արտայայտուած են բանաձեւի որդեգրման վերաբերեալ: Խօսք արտասանած է նաեւ ցեղասպանագէտ փրոֆ. Իսրայէլ Չառնի:
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարարին փոխարէն նիստին մասնակցած են նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ, որոնք բանաձեւի որդեգրման դէմ արտայայտուած են՝ հիմնականին մէջ պատճառաբանելով Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան չվնասելու մտադրութիւնը:
Նիստին մասնակցող Ատրպէյճանի երկու ներկայացուցիչներ պնդեցին, որ բանաձեւերը պիտի վնասեն թուրք-իսրայէլեան եւ իսրայէլ-ատրպէյճանական կապերուն: Նիստին նախագահը ընդհատած է անոնց ելոյթները՝ պատճառաբանելով, որ անոնք օրակարգէն կը շեղին:
Յանձնախումբը ի վերջոյ յետաձգած է բանաձեւին վերաբերեալ քուէարկութիւնը՝ երեսփոխաններուն ժամանակ տրամադրելով ուսումնասիրելու բանաձեւերը այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: