
ԿԱԼԿԱԹԱ.- Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի օրը, հնդկահայ համայնքը եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը մեծ հանդիսութեամբ նշեցին «Ղարաբաղ, ես քեզ սիրում եմ» խորագիրը կրող Ղարաբաղի անկախութեան 20ամեակը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ՝ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց ներկաները Արցախի անկախութեան առիթով եւ համայն հայութեան համար շատ արժէքաւոր համարելով Արցախի անկախութիւնը, յայտնեց, որ Ղարաբաղի ազատագրումը եւ անկախութեան հռչակումը բացառիկ պատմական կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի աշխարհասփիւռ հայութեան համար: Ցեղասպանութիւն ապրած եւ հայրենազրկուած ժողովուրդի մէջէն ղարաբաղեան յաղթանակով պարտուողի եւ կորսնցնողի կարծրատիպը ջնջուեցաւ եւ հայութեան մէջ արթնցաւ յաղթող, պահանջատէր հայու գաղափարը՝ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով: