ՄԱՏՐԱՍ, «Նիուզ».- Հնդկական «Տը Հինտու»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Յակոբեան նախորդ շաբաթ այցելած է Մատրաս, ուր մասնակցած է Հայաստանի հիւպատոսութեան բացման արարողութեան: Մատրասի մէջ Հայաստանի առաջին պատուաւոր հիւպատոսը գործարար Շիւքումար Իշուարանն է:
Նշենք, որ հայկական ներկայութիւնը Մատրասի մէջ սկսած է աճելու 1688ին, երբ «Օսթ-հնդկական» ընկերութիւնը հայերուն տուաւ այն իրաւունքները, զորս ունէին անգլիացիները: Այդ արտօնութիւնները տրամադրուած են Խոճա Փանոս Քալանթարի եւ ընկերութեան միջեւ ընթացող բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք: Համաձայնութիւնը կը թուագրուի 22 Յունիս 1688 եւ օրին փոխանցուած է Մատրասի մէջ հայ վաճառական «Գրիգորիօ Փարոան»ին եւ անոր ընկերներուն: 1712ին Մատրասի մէջ գործած են 40 հայ առեւտրականներ, որոնց տրամադրուած է հող՝ մնայուն եկեղեցիի մը կառուցման համար:
Այդ ժամանակաշրջանի միւս նշանաւոր հայը եղած է Յարութիւն Շմաւոնեանը, որ 1794ին Մատրասի մէջ հիմնած է առաջին հայկական ամսագիրը՝ «Ազդարար»ը:
Մատրասի մէջ ժամանակին եղած է հայկական ազդեցիկ ներկայութիւն, բայց հայերը տեղափոխուած են իշխանութեան գտնուած վայրը՝ Աղրան, իսկ Կալկաթայի մէջ Ռաճայի ծաղկման շրջանին բնակած է քանի մը հազար հայ: Անոնց թուային պատկերը իրենց իրաւունք տուած է հիմնադրելու Հայկական քոլեճը, որ մինչ օրս գոյութիւն ունի եւ Հայաստանէն որբ երեխաներ կ՛ընդունի: