
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի շրջանային վարչութիւնը արդէն իսկ իր նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ դրած է, æաւախքի ի նպաստ դրամահաւաքի իր տարեկան արշաւը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Այս նպատակով, շրջանային վարչութեան ջանքերուն իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարած են ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ու Լա Քրեսենթայի «Զարթօնք» մասնաճիւղերէն Կասիա Պօղիկեան, Նազ Փափազեան, Եբրեմ Չաւտրեան, Փալիկ Քոճանեան, Վերժին Թուլումեան եւ Ալինա Սվազեան, որոնց յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ շրջանային վարչութիւնը, որովհետեւ անոնք պատրաստած են հայկական վարժարաններ ղրկուելիք այն գանձանակները, որոնք պիտի օգտագործուին æաւախքի ի նպաստ դրամահաւաքի արշաւին ընթացքին: