
ԱՆԳԱՐԱ.- «Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու, իր փաստաբան Սեննուր Պայպուայի միջոցով Թուրքիոյ խորհրդարանին յղած է խնդրագիր մը, ուր կոչ կ՛ուղղէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող ձուլումի ու տեղահանութեան արարքները: Այս խնդրագիրը հրատարակած է թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջը:
Զարաքօլու իր խնդրագիրին սկիզբը կը նշէ, թէ 19րդ եւ 20րդ դարերու տեղահանութիւնը ու ճնշումի ձեւերը եղած են գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանի գլխաւոր քաղաքականութիւնը: «Կայսերապաշտութեան ժամանակաշրջանին՝ գաղութատիրութեան վերջին հանգրուանին, այս քաղաքականութիւնները ամէնէն սուր ձեւով՝ ցեղասպանութեամբ, արտայայտուեցան», կ՛ըսէ ան:
Զարաքօլու կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիա պէտք է դէմ յանդիման կանգնի իր պատմութեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա միայն զոհի բարոյական պարտաւորութիւն չէ, միաժամանակ թուրք հասարակութեան մաքրութեան եւ առողջութեան վերականգման համար պարտաւորիչ պայման է:
«Այս հասարակութեան շատ սուտեր խօսուեցան: Այս հասարակութիւնը շատ անգամ յանցագործութեան մղուեցաւ։ Յանցագործները «հերոս», իսկ զոհերը «յանցաւոր» ըրինք: «Զօրաւոր» եւ «արդար» հասարակութիւն ունենալու ուղին մաքրութենէն կ՛անցնի: Այս մաքրուիլը միեւնոյն ժամանակ հասարակութիւնը կազմող հաստատութիւններուն ալ մաքրութեան եւ բարոյականութեան վերականգման կ՛օգնէ: Ատկէ ետք կերտուած պատմութիւնը շարունակուեցաւ նոյն հիման վրայ:
Տերսիմի ցեղասպանութեան մասին եղած ներում հայցելու քննարկումները, այսօր մեր երկիրին համար կը ստեղծեն իր պատմութեան դէմ յադիման գալու կարեւոր կարելիութիւն մը», կ՛ըսէ ան:
Զարաքօլու կ՛առաջարկէ՝ ըսելով. «Չափազանց պարզ է. Օսմանեան պետութեան ժառանգորդը Թուրքիոյ հանրապետութիւնն է: 1915ի Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւող զոհերուն պատճառ եղած տեղահանութեան, տեղափոխութեան եւ ձուլումի քաղաքականութիւններուն պատճառով, ներողութիւն պէտք է ըսուի: Բարոյական առումով, այս ներողութեան տեղը ո՛չ թէ ուրիշ երկիրներու խորհրդարաններն են, այլ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը: Այս մէկը մեզ չի նուաստացներ, ընդհակառակը՝ արժանապատիւ եւ զօրաւոր կը դարձնէ: Անատոլուն պիտի օգնէ Սփիւռք անունով նուաստացուցած իր զաւակները գրկաբաց ընդունելու գործին: Այն ժամանակ, Մարթին Լութըր Քինկի ըսածին նման՝ «Բոլորս պիտի շահինք եւ ձեռք ձեռքի պիտի քալենք»: Իրականութեան հետ դէմ յանդիման գալը, բոլորս ազատ պիտի դարձնէ:
«1915ի Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կը մօտենանք: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը, մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ծանր «յանցանքին» համար եւ անկէ բխող տեղահանման ու ձուլումի տարբեր գործողութիւններուն համար, ե՛ւ զոհերէն, ե՛ւ մէկ ամբողջութիւն եղող մեր քաղաքացիներէն ներում պէտք է հայցէ՝ Նազիմ Հիքմեթի խօսքով՝ «Մեր ճակատին քսուած այս սեւ բիծերուն» համար: 1915ի Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը այս ծանր, բայց միեւնոյն ժամանակ ազնուական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն անունով իր վրայ պէտք է վերցնէ», ըսած է Զարաքօլու:
Յիշեցնենք, որ «Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր Ռակըպ Զարաքօլու, 44 մտաւորականներու հետ ձերբակալուած է 28 Հոկտեմբեր 2011ին: Ան կը մեղադրուի յեղաշրջման փորձ կատարելուն եւ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան մէկ մասնաճիւղին՝ Քիւրտիստանի հանրութիւններու միութեան, օժանդակելուն համար:
Նոյն այդ ծիրին մէջ, Հոկտեմբեր 7ին Պոլսոյ մէջ 90էն աւելի քիւրտ գործիչներու հետ ձերբակալուած էր նաեւ Զարաքօլուի որդին՝ Տենիզ Զարաքօլու: Ան կը մեղադրուի յեղաշրջումի փորձ կատարելու եւ Քիւրտիստանի հանրութիւններու միութեան օժանդակելու յանցանքով:
Զարաքօլու Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտման դէմ պայքարող ամենայայտնի մտաւորականներէն է: Իր այդ գործունէութեան համար, Զարաքօլու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ պարբերաբար հետապնդուած է: Ֆրանց Վերֆելի «Մուսայ Լերան 40 օրերը» պատմավէպը թարգմանելուն եւ Պոլսոյ մէջ իրեն պատկանող «Պելկէ» տպարանին մէջ հրատարակելուն համար, ան 2007ին «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» յանցանքով դատապարտուած էր վեց ամսուան ազատազրկման:
Զարաքօլու դատապարտուած է նաեւ Ճորճ Ճերճեանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ճշմարտութիւնը Մեզ Կ՛ազատագրէ» գիրքը թրքերէնով տպագրելուն համար: