ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընթերցողներու հետ երկխօսութիւն ունենալու մեր փորձերը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը զգալի է: Թերթը իբրեւ հանրութիւնը յուզող հարցերու լուսաբանման միջոց տեսնելու համոզումը խորացնելու խնդիր կը դիմագրաւենք, ու այդ հարցը կը տագնապեցնէ մեզ:
Հաւատալով, որ «Ասպարէզ»ը պէտք է իր իւրայատուկ առաքելութիւնը իրականացնէ լրատուական միջոցներու բազմազանութեան, անոնց փոխանցած տեղեկութեանց յորձանուտին մէջ,
Հաւատալով, որ թերթը ամէն օր պէտք է արժեւորէ ու վերարժեւորէ իր աշխատելակերպը, որպէսզի կարենայ պահել իր բաժանորդները եւ յանդգնիլ ընդլայնել իր ընթերցողներու շրջանակը՝
Մեր իսկ գնահատումով՝ անբաւարար կը գտնենք ընթերցողներու հետ անմիջապէս հաղորդուելու, անոնց կարծիքները, խորհուրդները, տեսակէտները իմանալու ու զանոնք լայն հասարակութեան ուշադրութեան արժանացնելու մեր ընթացքը, մեր ձեռնարկած միջոցները:
Մեր առաքելութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արժէքային համակարգի, անոր քաղաքական հայեացքներու եւ ընկերային դաւանանքի հրապարակումով, քարոզչութեամբ:
Մեր առաքելութիւնը մեր համայնքի ու անոր բաղկացուցիչ միութեանց, կազմակերպութեանց, կառոյցներուն ու ինչու չէ նաեւ՝ հայ մարդու զգայնութեանց, տագնապներուն, դժուարութիւններուն, յաջողութիւններուն արձագանգելն է, անոնց անդրադառնալը:
ՀՅԴ 121ամեակի տօնակատարութեան նախորդող այս օրերուն, կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, որ թերթի ճամբով իրենց հարեւանները, բարեկամները, անծանօթ արիւնակիցները բաժնեկից դարձնեն իրենց միտքը չարչրկող հարցերուն եւ մեզ պարտաւորեցնեն անոնց պատասխանները տալու, իսկ եթէ չունինք՝ փնտռելու, գտնելու:
«Ինչո՞ւ այսպէս ըսիք», «ինչո՞ւ այդ որոշումը առիք», «ինչո՞ւ այսպէս չըրիք», «ինչո՞ւ…». հարցումներ, կամ պարզապէս՝ կարծիք, տեսակէտ: Մենք պիտի չյոգնինք ձեզի դիմելէն: Եթէ յաջողինք ձեզ ներգրաւել երկխօսութեան մէջ, ապա հոյակապ յաջողութիւն մը արձանագրած կ՛ըլլանք: