ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփոր»չ.- ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Յունուար 10ին յայտնեց, թէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին քննարկումը եւ քուէարկութիւնը պիտի կայանայ Յունուար 23ին կամ 24ին։
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 22ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը կողմ քուէարկեց եւ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն առնչութեամբ Թուրքիա տուն կանչեց իր դեսպանը: Այժմ Թահսին Պուրճուօղլու վերադարձած է Փարիզ պատճառաբանելով, որ մեծ ընելիք ունի Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ փաստաթուղթի քուէարկութիւնը թոյլ չտալու համար:
«Անցնող 20 տարիներուն ընթացին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր խնդիրներով Թուրքիա իր դեսպանը բազմիցս տուն կանչած է՝ խորհրդակցութեան: Այժմ իրենք կ՚արդարացնեն, որ դեսպանը վերադարձած է, որ աշխատանք տանի, որպէսզի Ծերակոյտը չորդեգրէ օրինագիծը, բայց նոյնն է՝ որդեգրելէ ետք կրկին պիտի կանչեն, բայց ի վերջոյ պիտի ուղարկեն, որովհետեւ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով չէ պայմանաւորուած», նշեց Մանոյեան:
ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին համաձայն, հաւանականութիւնը մեծ է, որ օրինագիծը ընդունուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ՝ հիմնական երկու պատճառով: «Նախ հաշուի առնելով, որ ներկայ Ծերակոյտը վեց ամիս առաջուան Ծերակոյտը չէ, որ մերժած էր հարցը քննարկել: Ներկայ Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը ընկերվարներ են եւ իրենց ղեկավարը՝ Հոլանտ, մինչեւ Սարքոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները ըսած էր, որ իրենք օրինագիծը քննարկման պիտի դնեն: Եւ երկրորդ՝ հաշուի առնելով, որ օրինագիծը տարբեր է Ծերակոյտի մերժածէն, որ իրենց լիազօրութիւններէն վեր է: Այս օրինագիծը հիմնուած է գլխաւորապէս Եւրոմիութեան 2008 Նոյեմբերի շրջանակային որոշման վրայ, որուն նպատակն է պայքարիլ այլատեացութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ, որ կը յանձնարարէ բոլոր ԵՄ երկիրներուն՝ քրէականացնել Ցեղասպանութեան ժխտումը: Ծերակոյտին այլեւս հարց չի մնար: Սարքոզի ինքը շահագրգռուած է, որ օրինագիծը ընդունուի, այդ ալ՝ երրորդ պատճառ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: