
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 5ին, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի օրը առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի, Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի, Յովնան սրկ. Վարդանեանի եւ Գուժ սրկ. Խաչիկեանի, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցը այցելեց եւ հիւանդանոցի տնօրէն Քեւըն Ռապըրթսի, վարիչ Քիմ Միլսթինի, Ռամելլա Մարգարեանի եւ բժշկական անձնակազմի ղեկավար տոքթ. Սիմոն Քէօշկէրեանի ու պաշտօնէութեան ներկայութեան կատարեց æրօրհնէքի արարողութիւն:
Սրբազան հայրը տուաւ իր հոգեւոր պատգամը, գնահատեց ներկաներուն կատարած մարդասիրական ծառայութիւնները, ապա իւրաքանչիւր պաշտօնեայի փոխանցեց նուէր մը:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը եւ ուղեկից հոգեւորականները այցելութիւններ տուին հայ եւ օտար հիւանդներու: Սրբազանը անոնց վրայ աղօթեց, աղօթագիրք նուիրեց եւ ապա փոխանցեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան մաղթանքներ: