ԹԻՖԼԻՍ, «Հետք».- Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին համաձայն, յաջորդ շաբաթ Վիրահայոց թեմը իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ստանալու դիմում պիտի ներկայացնէ: Առաջին հերթին Վիրահայոց թեմը պիտի դառնայ հանրային իրաւունքի իրաւաբանական անձ, այնուհետեւ առաջնորդարանը պիտի դիմէ գործող կամ չգործող հայկական եկեղեցիները արձանագրելու պահանջով, ինչպէս եղած է կրօնական միւս համայնքներուն պարագային:
Առաջնորդարանի տեղեկութիւններուն համաձայն, թեմի կարգավիճակին զուգահեռ Հայ առաքելական պատմական վեց եկեղեցիներու վերադարձի յոյս կայ եւ միեւնոյն ժամանակ՝ æաւախքի ընդհանուր փոխանորդութիւնը պիտի միանայ Վիրահայոց թեմին։