
ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Վարդանանց ասպետներ»ու տարեկան 47րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 12ին, Պըրպենքի «Տիլաքս» սրահին մէջ, Կիրակի, Փետրուար 12ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ:
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, դոկտ. Էլ. Ուէյն Կերթմենեանն ու Ալիս Պետրոսեանը:
Ձեռնարկի հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Հայաստանի վարժարաններուն նեցուկ կանգնող Համաշխարհային դրամատան «90/1» ծրագիրին, իսկ միւս մասը՝ «Վարդանանց ասպետներ»ու կրթանպաստներու հիմնադրամին:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 766-4788, (626) 792-5645 կամ (818) 832-2905 թիւերուն: