Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին հետ է՝ անոր կողքին, անոր մէջ, միաձուլուած անոր երազներուն, իղձերուն, որոնց իրականացումը իր ուխտի էութիւնն է իսկ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին հետ է՝ ստանձնելով անոր իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարի դրօշակակիրի առաքելութիւնը, զրկանքներու ու անարդարութեանց դէմ ծառացող առաջամարտիկի պարտականութիւնը:
Հետն է՝ մնալով նաեւ անոր անբաժան մասնիկը: Ժողովուրդին ձգտումներուն, տագնապներուն մշտապէս հաղորդուելով է որ ան կը վերանորոգէ ինքզինք, կը կռանէ իր մարտունակութիւնը, կը յստակացնէ իր ուղղութիւնը եւ կը ճշդէ իր ռազմավարութիւնը: Դաշնակցութեան համար աներեր հաւատք է այն համոզումը, որ ժողովուրդին հետ շնչելով, անոր առհաւական տենչերէն ներշնչուելով միայն կարելի է երաշխաւորել ճիշդ ռազմավարութեան մշակումը:
Ժողովուրդին հետ. անոր ուժով ամրապնդուած, անոր վստահութեամբ գօտեպնդուած, անոր խինդերով խրախուսուած, անոր ցաւերով մրրկած՝ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ կերտել պատմութիւն, կը շարունակէ աղիւս առ աղիւս բարձրացնել մեր ազգային իտէալներու մարմնաւորումը հանդիսացող մէկ ու ամբողջական հայրենիքի, մէկ ու ամբողջական ազգի գաղափարը:
Ժողովուրդին համար. պայքարելով ժողովուրդին շահերուն համար, անոր իրաւունքներուն համար, արժանապատիւ, արդար ու ազատ կեանքի պայմաններու համար՝ ընդդէմ ամէն տեսակի բռնութեան, շահագործումի, խտրականութեան:
Ժողովուրդին համար. պայքարելով անսակարկ, անխնայ, մինչեւ վերջին կաթիլը իր արեան, մինչեւ վերջին շունչը իր հոգւոյն՝ հաւատալով, որ նոյն ժողովուրդէն դարձեալ պիտի ստանայ զինք վերակենդանացնող աւիշը, պիտի վերագտնէ զինք հրավառող ուժականութիւնը:
Ժողովուրդին համար. վասնզի չկայ ուրիշ արժէք, որուն դաւանումը կրնայ աւելի ազնուացնել, կրնայ աւելի իմաստաւորել Դաշնակցութեան ծնունդը, անոր պայքարի երկար, արիւնալի, բայց եւ փառապանծ ճանապարհը:
Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար: Ոչ իբրեւ կարգախօս, քարոզչական լօզունգ, այլ՝ իբրեւ էութեան դրսեւորում, այլ իբրեւ գործունէութեան ուղեցոյց: Այս յայտարարութեան ոգիէն մեկնելով է որ մենք մեր անցած ճանապարհը կը գնահատենք, մեր թերութիւններուն դէմ յանդիման կը կանգնինք, մեր սխալները սրբագրելու կամքը կը ջրդեղենք:
Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար: Թող յաւե՛րժ ապրի հայ ժողովուրդը. Դաշնակցութիւնը այդ յաւերժութեան ջահը վառ պահելու գերագոյն փառասիրութեան տէրը պիտի մնայ ընդմի՛շտ:
Ողջոյն ,․» Հայ Ժողովուրդ , Ամէնուրեկ ․