ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան նախօրէին, եկէ՛ք ակնարկ մը նետենք այն օրակարգերուն, որոնք այս կազմակերպութեան տեղական կառոյցին՝ անոր մարմիններու գործադաշտին վրայ կը ներկայանան:
Ընդհանուր եզրերով՝ հայապահպանում ու ամերիկահայութեան քաղաքական ուժի կազմակերպում, այդ ուժի նպատակասլաց օգտագործում՝ ի խնդիր հայութեան տեղական, բայց մանաւանդ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, սատարում՝ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց տնտեսական զարգացման, անոնց բարգաւաճման:
Հայապահպանում՝ խրախուսելով հայկական վարժարաններու ցանցի ընդարձակման, անոնց կրթական ծրագիրներու բարելաւման՝ թիկունք կանգնելով ազգային կառոյցներուն, մշակութային, ընկերային, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական միութիւններուն ու հոգեւոր կեդրոններուն:
Այս աշխատանքներուն համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծել ու պահպանել՝ մամուլի ու քարոզչութեան այլ միջոցներով: Նաեւ՝ աշխատիլ ապահովել նիւթական անհրաժեշտ միջոցները, այս օրակարգին հարցերը ըստ արժանւոյն յառաջ տանելու համար:
Իբրեւ համաշխարհային կառոյցի մէկ մասը՝ ՀՅԴ տեղական կառոյցը նաեւ պարտաւոր է իր օրակարգին վրայ ունենալ համակուսակցական ծրագիրներուն հետ առնչուող հարցեր, անոնց լուծման իր լուման բերելու միջոցներու փնտռտուք:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները հայկական իրականութեան մէջ իւրայատուկ պատկեր մը կը ներկայացնէ՝ համայնքի կազմաւորման տեսակէտէն: Այստեղ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները ներկայ են, կողք-կողքի կ՛ապրին, սակայն, դժբախտաբար, ձեռք-ձեռքի չեն գործեր, իրարու հետ նուազագոյն չափով կը յարաբերին:
Համայնքի ուժականութիւնը բազմապատկելու որեւէ ճիգ պէտք է կեդրոնանայ ներքին համերաշխութեան սերտացման աշխատանքներուն վրայ: Այդ աշխատանքները կը պահանջեն յատուկ ծրագրաւորում, ոչ միայն հանդուրժողութեան, այլեւ՝ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի ստեղծման նպաստող պայմաններ:
Դաշնակցական տեղական կառոյցը այս եւ այլ օրակարգեր իրականացնելու համար, կարիքն ունի նաեւ ձեր խորհուրդին, մասնակցութեան, նեցուկին:
Hoyagab!!(*.*)