
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունուար 20ին իր մահկանացուն կնքած է հայ անուանի պատմաբան, հայագէտ-արեւելագէտ, 82ամեայ ակադեմիկոս Մանուէլ Զուլալեանը, որուն ներդրումը մեծ եղած է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ համաշխարհային պատմութեան որոշակի հիմնահարցերու ուսումնասիրութեան գործին մէջ:
Ակադեմիկոսի յուղարկաւորութեան պատասխանատու կառավարական յանձնաժողովին համաձայն, գիտնականի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 22ին, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Յունուար 23ին ակադեմիկոսին վերջին հրաժեշտը պիտի կայանայ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ, ուրկէ անոր մարմինը պիտի տեղափոխուի քաղաքային պանթէոն:
Նշենք, որ Մանուէլ Զուլալեանի գիտական հետազօտութիւններու համակարգումն էր «Արեւմտեան Հայաստանը 16-18րդ Դարերում» մենագրութիւնը (Երեւան, 1980): Ակադեմիկոսը՝ իբրեւ հեղինակ, իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է «Հայ Ժողովրդի Պատմութիւն» բազմահատորեակի պատրաստութեան աշխատանքներուն: