ՄԱՐՍԷՅԼ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքը ունէր հայանուն 16 փողոց, որոնց վրայ աւելցան եւս երկուքը՝ 12րդ թաղամասին մէջ. Մօրիս Տէր Մերկերեան եւ Էտմոն Բիրեան փողոցները նոր ուղիներ են, որոնք աջէն ու ձախէն զուգահեռ կ՛իջնեն Պօմոնի ճամբուն վրայ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանի կողքերէն: Մ. Տէր Մերկերեան եւ Է. Բիրեան 18 եւ 17 տարեկան պատանիներ էին, երբ 23 Օգոստոս 1940ին զոհ գացին գերմանական փամփուշտներու, Մարսէյլի ազատագրութեան համար մղուած բուռն կռիւներուն ընթացքին:
Անուանակոչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ բաւական հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Առաջին խօսք առնողը եղաւ Էքս-ան-Փրովանսի համալսարանի հայերէնի ամպիոնի հիմնադիր փրոֆէսըր Ռոպեր Տէր Մերկերեան, իրեն յաջորդեց Է. Բիրեան: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքապետութեան, իրենց եղբայրներուն յիշատակը 67 տարի յետոյ այս ձեւով յաւերժացնելուն համար:
Իրենցմէ ետք խօսք առին պարոններ Ասանթ եւ Պլում: Երկուքն ալ շեշտը դրին Ֆրանսայի հանդէպ Հայոց նուիրումին վրայ, որ կը հասնի անոր ազատութեան համար մինչեւ իսկ իրենց արիւնը չխնայելու աստիճանին: Ռ. Պլում աւելցուց, որ այսօր ալ ազատութեան թշնամիները շատ են աշխարհի վրայ, յիշեց Թուրքիան, որ ոչ միայն կը յամառի իր գործած ոճիրը ուրանալու, այլեւ կը յաւակնի ուրացումի իր կամքը Ֆրանսային պարտադրելու:
Յուզիչ այս արարողութիւնը աւարտեցաւ գինեձօնով: