
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Սապահ» թերթը Ուրբաթ, Յունուար 27ին կը հաղորդէ, թէ անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին Թուրքիոյ Պաթմանի նահանգի Քոզլուքի շրջանի զօրամասերէն մէկուն մէջ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճընի սպանութեան ականատես մը՝ Էքշիի, իր վկայութիւնը փոխելով ըսած է, թէ Սեւակ ոչ թէ արկածով, այլ դիտումնաւոր կերպով սպաննուած է այլ զինուորի մը կողմէ:
Ականատես զինուոր Հալիլ Էքշի խոստովանած է, որ նախքան դատավարութիւնը Աղաղօղլուի ազգական մը իրմէ խնդրած է, որ ոճրագործին ի նպաստ վկայութիւն տայ եւ ինքը գրաւոր վկայութիւն ներկայացուցած է՝ նշելով, որ չէ տեսած, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է միջադէպը, բայց համոզուած է, որ ան արկածի հետեւանք էր: Վկայութիւնը կարդացուած է դատարանին մէջ եւ ընդունուած է իբրեւ փաստ:
Սակայն Սեւակի փաստաբանները բողոքած են, թէ դատարանը չի կրնար գրաւոր վկայութիւն ընդունիլ եւ անհրաժեշտ է, որ Էքշիի բանաւոր վկայութիւն տայ: Ան Դեկտեմբեր 27ին տեղի ունեցած դատավարութեան ժամանակ խոստովանած է, որ տեսած է, թէ ինչպէ՛ս Աղալօղլու փամփուշտ մը դրած է հրացանին մէջ եւ կրակած է Սեւակի վրայ:
Սեւակի ծնողները կը պնդեն, որ իրենց զաւակը սպաննուած է հայ ըլլալուն համար:
Սեւակի դատը կը շարունակուի զինուորական ատեանի մը մէջ: Դատախազութիւնը Աղաօղլուի համար 9 տարուան բանտարկութիւն կը պահանջէ՝ «անփութութեան հետեւանքով մարդ սպաննելու» յանցանքով:
Այս նոր բացայայտումէն ետք, որոշուած է դատական յաջորդ նիստը Մարտ 29էն յառաջաձգել Յունուար 30ի, եւ եթէ Աղաօղլու այդ օրը դատարան չներկայանայ, ապա պիտի ձերբակալուի: Սեւակի ծնողները ամիսներէ ի վեր կոչ կ՛ընէին, որ ենթական ձերբակալեալ վիճակի մէջ դատուի: