ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, իր կանոնագիրին հետեւելով՝ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին ընտրած էր ղեկավար խնամակալ մարմինը՝ բաղկացած ինը անդամներէ: Ընկերակցութեան ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած մարմինը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.
Պրայըն Պետրոսեան, Անիթա Պուչաքճեան, տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան, Ռապըրթ Հեքեմեան, Լուիս Քիւրքճեան, Քենըթ Գէորգեան, Լորի Մընչերեան, Հարոլտ Նահիկեան եւ իրաւաբան Արսինէ Պետրոսեան-Ֆիլիփս:
Նոր անդամները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Հոկտեմբեր 16ին, Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ ժողովական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յատուկ պաշտամունքի ընթացքին:
Անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 3ին, խնամակալ մարմինը ընտրեց իր վարչական կազմը, որ ունեցաւ հետեւեալ պատկերը.
Նախագահ՝ Ճոզէֆ Ծերունեան, փոխնախագահներ՝ տոքթ. Նազարէթ Տարաքճեան եւ իրաւաբան Փիթըր Ղուկասեան, քարտուղարներ՝ իրաւաբան Թամըս Մոմճեան եւ իրաւաբան Արսինէ Ֆիլիփս, գանձապահ՝ դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան, օգնական գանձապահ՝ Անիթա Պուչաքճեան, խորհրդական՝ Պերճուհի Կիւլէսէրեան, վարիչ գործադիր տնօրէն՝ Լեւոն Ֆիլեան, փաստաբան՝ իրաւաբան Ալպերթ Մոմճեան եւ «Սթեֆըն Փիլիպոսեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Ճոյս Սթայն: