Շրջանիս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը 2012ը հռչակած է «Ազատամարտիկներու Տարի», եւ այս առթիւ հրապարակած է բացիկներ, որոնց վրայ նկարուած են ազատամարտիկներ՝ «Յարգա՛նք ազգին ծառայած հերոսներուն» մակագրութեամբ:
Երիտասարդ դաշնակցականները այս տարուան ընթացքին կը ծրագրեն կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ՝ նախ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու Արցախի Ազատագրական պայքարը յաղթական աւարտին հասցուցած տղոց ներկայ իրավիճակը, ապա դրամ հանգանակելու՝ նեղ վիճակի մէջ գտնուողներուն օժանդակելու նպատակով:
Անվիճելի են Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան գործադիր տնօրէն Սերուժ Աբրահամեանի խօսքերը, երբ ան կ՛ըսէ, թէ «առանց այս քաջարի հերոսներուն՝ տղամարդ թէ կին, որոնք իրենց կեանքը վտանգեցին, մենք այսօր ազատ, անկախ Արցախ չէինք ունենար»:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, իր այս նախաձեռնութեամբ, իր վրայ կը վերցնէ ազգային ամօթալի անտեսում մը սրբագրելու պատասխանատուութիւնը՝ միջոցներ հայթայթել քսան տարի առաջ մարտի դաշտի վրայ վէրք ստացած ազատամարտիկներուն զլացուած հոգատարութիւնը ապահովելու համար:
Այո, համաձայն ենք ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Առաքելեանին, երբ ան կ՛ըսէ, թէ «դժբախտաբա՛ր, Արցախի ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութիւն կատարած հերոսները, այսօր մեծապէս կարիքն ունին մեր օգնութեան: Մենք՝ սփիւռքահայ երիտասարդներս, պատասխանատուութիւն ունինք անոնց հանդէպ եւ պէտք է ցոյց տանք մեր գնահատանքը այդ զոհաբերութեան»:
Մենք, մեր կարգին, կը գնահատենք Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամներուն՝ սոյն նախաձեռնութեամբ առաւե՛լ եւս ապացուցուած հասուն գիտակցութիւնը, կը գնահատենք մեր ազատամարտիկներուն տակաւին կոտտացող վէրքերը ամոքելու անոնց ճիգը եւ կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն՝ սատարելու այս նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, որոնք նախատեսուած են տեղի ունենալ ամբողջ տարուան ընթացքին:
Գնահատելի է նաեւ այն իրողութիւնը, որ դաշնակցական երիտասարդները իրենց այս ծրագիրը կը վերածեն Արցախին սպառնացող գալիք վտանգները դիմագրաւելու անհրաժեշտ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի ստեղծման նպաստող քայլի: Բոլորս ալ գիտենք, որ Արցախը ամէն օր կը դիմագրաւէ պատերազմի վերսկսման վտանգը եւ այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին մէջ ամրացնել Արցախեան Հողին համար ամէն տեսակ զոհողութեան պատրաստ ըլլալու ոգին ու կորովը: